Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան 2024ի վարչութիւնը արդէն իսկ ստանձնած է կազմակերպութեան ղեկը եւ կը ջանայ նոր ծրագիրներով եւ իրագործումներով կազմակերպութիւնը հասցնել նոր բարձունքներու։
Զանազան մասնագիտութիւններու մէջ հարուստ փորձառութիւն ունեցող անձնաւորութիւններէ բաղկացած նոր վարչութեան անդամներն են՝ Լինտա Մկրտիչեան (նախագահ), դոկտ․ Այտա Բարեկամեան (փոխնախագահ), դոկտ․ Արազ Խոտաբախշեան (քարտուղար), Արմոնտ Դաւիթեան (գանձապահ), Էյս Տարագճեան (նախկին նախագահ), Ռիչըրտ Օհանեան (թեկնածուներ որոշելու յանձնախումբի ատենապետ), Կարէն Տօնոյեան (հիւսիս-արեւելան շրջանի կապ), Արին Ապետ, Անի Ասլանեան, Հրանդ Աթիկեան, Ճօ Յակոբեան, Շիրակ Մկրտիչեան, Լէօ Նաթանեան եւ Նարէ Սաղաթէլեան
Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել contact@aesa.org հասցէին։