Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան Թեհրանի մէջ Հայաստանի իր պաշտօնակիցին Վահան Կոստանեանի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի հետ բոլոր ոլորտներուն մէջ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ընդլայնումը ձեռնտու է երկու երկիրներուն եւ համահունչ՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ ապահովութեան։
Ան դարձեալ շեշտեց «օտար երկիրներու միջամտութենէն զերծ մնալու»՝ Իրանի դիրքորոշումը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններուն վերաբերող կարեւոր հարցերը:
Գոհունակութեամբ արձանագրելով զարգացող երկկողմ յարաբերութիւնները` կողմերը ընդգծեցին յարաբերութիւններու խորացման կարեւորութիւնը եւ փոխգործակցութեան մակարդակի խթանումը:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան բանակցութիւններուն` կողմերը ընդգծեցին բացառապէս խաղաղ միջոցներով հարցերը լուծելու կարեւորութիւնը` կայուն խաղաղութեան հասնելու եւ տարածաշրջանային կապակցուածութիւնը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Այս գծով երկուստեք կարեւոր նկատեցին ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան, հաւասարութեան, փոխադարձութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անքակտելիութեան սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը: