
Ֆրեզնօ քաղաքին մօտերը գտնուող Քլովիսի Չարլի Քէյեան Համագաղութային Հայ վարժարանի Ուսումնական խորհուրդը եւ տնօրէնութիւնը կը տեղեկացնեն, թէ դոկտ․ եւ տիկին Տենիս եւ Ռիթա Շամլեանները 50,000 տոլար նուիրելով՝ բացումը կատարեցին վարժարանին նորոգութեան ծրագրին երկրորդ հանգրուանին համար դրամահաւաքին:
Վարժարանի հոգաբարձութիւնը եւ տնօրէնութիւնը իրենց երախտագիտութիւն կը յայտնեն վարժարանին առաքելութեան հաւատացող Շամլեաններուն՝ վստահեցնելով, որ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան կրթական կարիքներուն հասնող վարժարանը այս յատկանշական ներդրումին շնորհիւ պիտի իրականացնէ վարժարանին բարգաւաճումին միտուած իր ծրագիրները։
Անոնք նաեւ կոչ կ՛ընեն համայնքին՝ գործնականապէս մասնակցելու դրամահաւաքի այս արշաւին, դիմելով հոգաբարձութեան կամ վարժարանի տնօրէնուհի Նայիրի Շիշմանեանին։