
ՌԱԼՖ ՍԵՄ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 16 Մարտ 1926ին, Լոս Անճելըս)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Ռալֆ Թիւֆէնքեանի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2024ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 1ին, United Armenian Congregational Church-ին մէջ (UACC), 3480 Cahuenga Blvd. W, Los Angeles, CA 90068, ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Զաւակը՝ Գրեգ եւ Քարոլին Թիւֆէնքեան
Դուստրը՝ Սանդրա եւ Փօլ Քալեմքիարեան
Թոռները՝ Սառա, Լիզա եւ Լենա եւ իրենց ընտանիքները`
Սամ, Մայքըլ եւ Մաքս Թիւֆէնքեաններ
Ծոռները՝ Մայքա, Անի, Ամպրոզ, Սօֆին եւ Քլեմենթ
Աներորդին՝ Քոսթի եւ Մարիան Շիրվանեան
Եւ համայն Լայիս, Քալեմքիարեան, Գրեգըրի, Պետրոսեան, Յակոբեան, Շէյըր, Թիւֆէնքեան, Այգանեան, Շիրվանեան, Տօնոյեան, Քուրչեան, Ուոլֆ, Մաթէոսեան եւ Հաննէսենան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկամսուրին կամ Armenian Educational Foundation-ի Richard Tufenkian Fund-ին։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն թեմիս երկար տարիներու բարերար եւ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Ազգային մանկապարտէզի գլխաւոր բարերար ՌԱԼՖ ԹԻՒՖԷՆՔԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2024ի առաւօտուն, իր բնակարանին մէջ:
Հանգուցեալը երկար տարիներու ազգանուէր ծառայութիւն ունի մեր թեմին մէջ: Ան եղած է Հայ Կրթական հիմնարկի կարկառուն անդամներէն, վարչականներէն եւ անոր մնայուն բարերարներէն, քանիցս որակուելով նաեւ իբրեւ Հիմնարկի Տարուան մարդը, ինչպէս նաեւ իր հանգուցեալ կնոջ՝ Սավիին հետ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-մանկապարտէզի գլխաւոր բարերարները՝ ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ որդւոյն՝ Ռիչըրտին: Հանգուցեալը իր ազգանուէր նկարագիրով, հայրենիքի թէ Սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու ի նպաստ կատարած բարերարութիւններուն համար արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան »Կիլիկեան Իշխան« շքանշանին, ձեռամբ՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, 18 Հոկտեմբեր 1993ին:
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի զաւակներուն՝ Սանտրա եւ Փօլ Քալեմքէրեաններուն, Կրէկ եւ Գարոլին Թիւֆէնքեաններուն, թոռներուն, համայն հարազատներուն ու բարեկամներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ