Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատին մէջ, «Միջազգային աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղէն հայ գաղթականներուն» նիւթով քննարկման ընթացքին, Մեծ Բրիտանիոյ Եւրոպական հարցերու նախարար Լէօ Տոքըրթի յայտարարեց, որ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Ատրպէյճան պատասխանատուութիւն ունին ապահովելու տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ պահպանումը՝ ի շահ բոլորին: «Մենք շատ լուրջ կը վերաբերինք կրօնական եւ մշակութային վայրերու ոչնչացման մասին հաղորդագրութիւններուն եւ կ՛աջակցինք դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող միջազգային կազմակերպութիւններու աշխատանքին՝ զանոնք գնահատելու համար»:
Ան նշեց, որ Բրիտանիա կը շարունակէ կոչ ուղղել՝ վերադարձնելու բոլոր ռազմագերիները եւ հակամարտութեան ընթացքին զոհուածներուն աճիւնները:
«Մենք ուրախ էինք, որ անցեալ տարուան Դեկտեմբերին Հայաստան եւ Ատրպէյճան պայմանաւորուեցան ազատ արձակել 34 բանտարկեալներ», աւելցուց Տոքըրթի:
Ան նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն գաղթականներու ծանր վիճակը վերջին գլուխն է 35ամեայ հակամարտութեան, որուն պատճառով երկու կողմերուն հարիւր հազարաւոր խաղաղ բնակիչներ ստիպուած եղած են հեռանալու իրենց տուներէն: Ան յայտնեց, որ նախորդ Սեպտեմբերին, Ատրպէյճան ռազմական գործողութիւն կատարեց եւ վերականգնեց իր ինքնիշխանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ: Իբրեւ հետեւանք, գրեթէ ամբողջ բնիկ հայ բնակչութիւնը՝ շուրջ 100,000 անձեր, փախուստ տուին Հայաստան, ուր բախեցան մարդասիրական ծանր հարցերու։
«Թէեւ Մեծն Բրիտանիա բոլորովին կը ճանչնայ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն մեզի համար նաեւ պարզ է, որ ուժի կիրարկումը ընդունելի միջոց չէ համայնքներուն միջեւ լարուածութիւնը լուծելու համար: Ինչպէս տեղեկացանք այսօր, այս ռազմական գործողութիւնը յաջորդած էր Լաչինի միջանցքի իննամսեայ սահմանափակման, որ պատճառ դարձաւ մարդասիրական ծանր իրավիճակի՝ ներառեալ ուտելիքի, վառելանիւթի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութիւն ներկայացնող այլ ապրանքներու պակասի: Մեծն Բրիտանիա երկկողմ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի եւ ՄԱԿի մէջ յստակօրէն յայտարարած է, որ Լաչինի միջանցք եւ մատակարարման այլ ուղիներու մուտքի սահմանափակումը անընդունելի է, եւ մենք հրապարակայնօրէն կոչ ուղղեցինք վերականգնելու մուտքը», յայտնեց Տոքըրթի: