
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Մարզական խորհուրդը, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Նոյեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան Մարտ ամիսներուն կը կազմակերպէ Քալիֆորնիոյ Հայ Աշակերտական Մարզախաղեր (ՔԱՀԱՄ) ՝ պասքեթպոլի, ոտնագնդակի (սաքըր), վոլիպոլի եւ թեթեւ աթլեթի մարզաձեւերուն մէջ: Անկասկած որ ՔԱՀԱՄը՝ իբրեւ գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ հայկական վարժարաններու աշակերտներուն մէջ արմատացնել մրցակցութեան ոգին: Միաժամանակ, այս մրցումներուն մասնակցող հայ աշակերտները կը ծանօթանան ՀՄԸՄին եւ անոր առաքելութեան:
Ահաւասիկ, երկար ամիսներու գեղեցիկ մրցակցութեամբ շրջանը ոգեւորելէ ետք, Կիրակի, 17 Մարտի յետմիջօրէին, Glendale Commuinty College-ի մարզադաշտին վրայ, յատուկ հանդիսութեամբ եզրափակուեցաւ ՀՄԸՄի 38րդ ՔԱՀԱՄը, բազմաթիւ համակիրներու ներկայութեամբ: Նոյն հանդիսութեան ընթացքին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերուն եւ հանրութեան ներկայացուեցան անոնց պատուոյ նախագահութիւնը սիրայօժար ստանձնած՝ շրջանիս մէջ ազգային բարերարներ դոկտ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները:
Օրուան խօսնակներն էին՝ վաստակաւոր ՀՄԸՄականներ դոկտ. Սիւզի Օհանեան (Մերտինեան վարժարանի տնօրէնուհի) եւ ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղէն Մանէ Շահպազեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ ներկայացուցին օրուան պաշտօնական հիւրերը, որոնց կարգին էին թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վիգէն Աբէլեան եւ Մհեր Դաւիթեան, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 46րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ՝ տէր եւ տիկին Ճագ Եուրէճեաններ, Նաւասարդեան մարզախաղերու նախկին պատուոյ նախագահներ, քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ՔԱՀԱՄին մասնակցած վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, բազմաթիւ ծնողներ, մարզասէր համակիրներ եւ ՀՄԸՄականներ:
Շրջանի ՀՄԸՄի հակիրճ պատմականը ներկայացնելէ ետք, հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ դրօշակի արարողութեամբ. մարզադաշտ ներկայացաւ ՀՄԸՄի փողերախումբը, որ իր ազգայնաշունչ քայլեղանակներով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:


Շրջանայինի փոխխմբապետ Շանթ Միրզայեանսի գլխաւորութեամբ՝ դրօշակի տպաւորիչ արարողութիւնը կատարեցին ՀՄԸՄի Արեւմտեան շրջանի արի-արենուշները, որոնք ինքնավստահութեամբ ներկայացուցին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ եւ ՀՄԸՄի դրօշները: Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները եւս նուագեց ՀՄԸՄի նուագախումբը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի հայրական բարեմաղթանքները եւ օրհնութիւնները փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւներէն Մովսէս քհնյ.Շաննագեան, որ ներկաները հրաւիրեց միասնաբար կատարելու Տէրունական աղօթքը, շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄին մասնակցողները եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլորին:
Յանուն ՔԱՀԱՄին մասնակցող վարժարաններու տնօրէններուն խօսք առաւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի գլխաւոր տեսուչ Դաւիթ Ղուկասեան, որ շնորհաւորեց ՔԱՀԱՄի 38րդ մարզախաղերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին հայկական դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ շեշտեց ՀՄԸՄի նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» սկզբունքով ապրելու կարեւորութիւնը:
Ապա, Սրբոց Նահատակաց Մարի Գապայեան Ազգային նախակրթարանի 5րդ կարգի աշակերտներու խանդավառիչ ելոյթը մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:
Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեան, որ բացատրելով ՔԱՀԱՄի կազմակերպման նպատակը՝ ըսաւ. «ՔԱՀԱՄը, նպատակ ունի շրջանի հայ աշակերտութիւնը համախմբելու, անոնց համար մարզական մաքուր մթնոլորտ մը ստեղծելու եւ ինչո՞ւ չէ, նաեւ անոնց ծանօթացնելու ՀՄԸՄը, որուն դռները միշտ բաց են բոլորիդ առաջ: Այս նպատակէն մղուած՝ անցնող քանի մը ամիսներուն ընթացքին մեր աշակերտները խիտ շարքերով մասնակցեցան թեթեւ աթլեթի, վոլիպոլի, ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի մրցումներուն, նոր չափանիշներ արձանագրելով իւրաքանչիւր մարզաճիւղի մէջ»:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարաններու մարզիչներուն, իրաւարարներուն եւ յատկապէս ծնողներուն, որոնց տրամադրած անսահման ժամանակին եւ քաջալերանքին շնորհիւ իրականացան աշակերտական այս մարզախաղերը: Ան նաեւ, բարձր գնահատեց մեր սերունդները հայօրէն դաստիարակող, հայութիւնը պահպանող կրթական բոլոր օճախները, անոնց տնօրէնները եւ ուսուցչական կազմերը, որոնք առիթը կ՛ընծայեն իրենց հոգածութեան յանձնուած մեր մատղաշ սերունդներուն մտայինին առընթեր նաեւ ֆիզիքական դաստիարակութիւն ստանալու, հաւատարիմ մնալով ՀՄԸՄի կարգախօսին՝ «Առողջ միտք, առողջ մարմնի մէջ»:


Այնուհետեւ, Մանուկեան ներկայացուց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնող ՀՄԸՄական զոյգը՝ դոկտ. եւ տիկին Մայք եւ Եւելինա Սարեանները, որոնք նախագահութիւնը ստանձնեցին Նաւասարդեան 46րդ Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տէր եւ տիկին Ճագ Եուրէճեաններէն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց 2024ի «Տիպար ՀՄԸՄական»ը՝ Արամ Պէքարեանը, որոնք բեմ հրաւիրուեցան կատարելու մարզախաղերու պաշտօնական բացումը: Այսպէս, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու եւ «Հրաշք» բաժանմունքի ջահակիր մարզիկները հպարտօրէն մարզադաշտ ներկայացան, պատմական Նաւասարդեան մարզախաղերու անշէջ խարոյկէն՝ բոցավառելու Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերու ջահը, ուր փողերախումբի թմբուկներու ոգեւորիչ հարուածներուն եւ հրավառութեան տակ՝ խորհրդաւոր կերպով վեր բարձրացաւ Նաւասարդեանի խորհրդանիշը եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 47րդ մարզախաղերը, խլելով ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները:
Ոգեւորիչ այս մթնոլորտին յաջորդեց այնքան անհամբերութեամբ սպասուած աշակերտական շքերթը, գլխաւորութեամբ իրենց վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզիչներուն: ՀՄԸՄի փողերախումբի խրախուսիչ քայլեղանակներով, մարզադաշտ մուտք գործեցին ՀՄԸՄի «Հրաշք» բաժանմունքի մարզիկները, որոնք 39 հրաշք մարզիկներով իրենց մասնակցութիւնը բերին 38րդ ՔԱՀԱՄի թեթեւ աթլեթի մրցումներուն, որոնց յաջորդեցին ՔԱՀԱՄի վարժարաններու մարզիկները, վարժարանի անունը կրող ցուցատախտակով, հպարտօրէն դաշտ մուտք գործեցին Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս, Արի Կիրակոս Մինասեան, Հայ քոյրերու, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Մեսրոպեան, Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան, Վահան եւ Անուշ Շամլեան, Սահակ Մեսրոպ եւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ Մարի Գապայեան վարժարաններու աշակերտները, որոնք ներկաներուն երկարաշունչ ծափողջոյններուն արժանանալէ ետք՝ գրաւեցին իրենց տեղերը մարզադաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ ՔԱՀԱՄի մարզաճիւղերու ընդհանուր դասաւորման ախոյեանութեան բաժակներու յանձնումը: Առաջնութեան տիրացած խումբերու ներկայացուցիչները հպարտութեամբ ստանձնեցին իրենց յաղթանակի բաժակները, արժանանալով ներկաներուն քաջալերական բուռն ծափողջոյններուն:

Ընթացքին, Շրջանային վարչութիւնը ՔԱՀԱՄին մասնակցած իւրաքանչիւր վարժարանի տնօրէնին յանձնեց յուշատախտակ մը՝ առ ի գնահատանք ՔԱՀԱՄի 38րդ մարզախաղերու մասնակցութեան եւ հայ աշակերտներուն համար առողջ միջավայր մը ստեղծելու կարեւոր գործին աջակցած ըլլալնուն համար:
«Տարուան Լաւագոյն Մարզական Պատասխանատու»ի գնահատագիրը ստացաւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մարզական պատասխանատու Սուրէն Արզրումանեան:
Ստորեւ, մարզաճիւղերու ընդհանուր՝ դասաւորման մէջ ախոյեան հանդիսացած վարժարանները.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ
Ա. Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան
Բ. Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան
Գ. ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
ՖՈՒԹՊՈԼ
Ա. ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Բ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Գ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան եւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարան
ՎՈԼԻՊՈԼ
Ա. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Բ. Վահան եւ Անուշ Շամլեան Ազգային վարժարան
Գ. Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան
ԹԵԹԵՒ ԱԹԼԵԹ
Ա. Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Գապայեան Ազգային վարժարան
Բ. ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Գ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան
Դպրոցական ոգիի բաժակին (Spirit Trophy) արժանացաւ՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Գապայեան Ազգային վարժարանը
Մարզական ոգիի բաժակին (Sportsmanship Trophy) ՝ Հայ Քոյրերու վարժարանը
Նուաճման բաժակին (Achievement Trophy)՝ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանը։
Շրջանային վարչութիւնը յատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնէ իր կամաւոր բանակին՝ Շրջանային մարզական խորհուրդին, որոնց շնորհիւ այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուեցան ՔԱՀԱՄի 38րդ մարզախաղերը, ինչպէս նաեւ սոյն հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ կազմակերպեց այս շքեղ հանդիսութիւնը:
Բոլորին վարձքը կատա՛ր:
ՀՄԸՄԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ