Փաշինեանի Յայտարարութիւններու Լոյսին Տակ՝ Սաղաթելեան Զգուշացուց Արցախի Պետական Գործիչներու Նկատմամբ Հետապնդումէն
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 28 Մարտին, ըստ էութեան, հակադարձելով Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանին, որ զանազան յայտարարութիւններ կատարեց օր մը առաջ «Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, զգուշացուց՝ ըսելով. «Ուզում եմ շատ յստակ յայտարարել, որպէսզի բոլորի համար պարզ լինի, որ Հայաստանում կայ մի կառավարութիւն, եւ այդ կառավարութիւնը նստած է այս դահլիճում: Ասենք՝ ամէն մէկը գնայ, մի բնակարան վարձի ու ցուցանակը կպցնեն, ասեն՝ մենք էսինչի կառավարութիւնն ենք», աւելցուց ան:
Առանց Շահրամանեանի անունը տալու Փաշինեան ընդգծեց, որ Արցախէն բռնի տեղահանուած որոշ շրջանակներ, խօսելով վտարանդի կառավարութիւններու մասին, սպառնալիք կը ստեղծեն Հայաստանի ազգային ապահովութեան:
Ան յստակ ուղերձ յղեց իրաւապահ համակարգին՝ ըսելով «Եթէ որեւէ մէկը Հայաստանում իրեն նոյնականացնում է որպէս կառավարութիւն, դա Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խնդիր է: Եւ յոյս ունեմ, որ այդ խնդրի գոյութիւնը չի նշանակի, որ մեր մարմինները իրենց աշխատանքներում թերացել են: Ես ուզում եմ, որ էս ուղերձը յստակ լինի բոլորի համար: Եւ սա ուղղակի յայտարարութիւն չէ, որը պարզապէս հնչում է բարձրախօսից: Սա յստակ արձանագրում է, եւ այդ արձանագրումը պէտք է արտայայտուի իրական կեանքում: Ուզում եմ սա բոլորիս համար հասկանալի լինի»:
Աւելի՛ն, Փաշինեան խօսեցաւ համապատասխան միջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութեան մասին, եթէ արտաքին ուժերը փորձեն Հայաստանի ապահովութեան համար հարցեր ստեղծել՝ օգտագործելով որոշ շրջանակներ:
Ան նաեւ շեշտեց, որ անոնք, որոնք այսօր կը խօսին վտարանդի կառավարութեան մասին, իրենք իրենց պատասխանատուութեամբ հանդէս գալու կարելութիւն ունեցած են: «Եւ տեսել ենք, թէ ինչ են արել էդ հնարաւորութեան հետ», ըսաւ Փաշինեան:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն եւ «Թելեկրամ»ի ալիքներու մէջ լայնօրէն տարածուեցաւ Փաշինեանին այս յայտարարութիւնները, յատկապէս այն, որ Հայաստանի մէջ բացի Հայաստանի կառավարութենէն այլ կառավարութիւն գոյութիւն չի կրնար ունենալ:
Փաշինեանի յայտարարութիւններուն արձագանգեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար, «Արդարութիւն եւ վերադարձ» կազմակերպութեան համահիմնադիր Դաւիթ Գալստեան՝ շեշտելով, որ ընդհանրապէս Հայաստանի գործող իշխանութիւնները փոխարինող չէ Արցախի կառավարութիւնը, իսկ ինչ կը վերաբերի Արցախի՝ իշխանութեան վտանգ ներկայացնելուն, այդ մէկը ձեռնավարութիւն է, Արցախը երբեք Հայաստանի համար վտանգ չէ եղած:
«Երբ որ խօսում են, թէ իբր չկայ Հայաստանում այլ կառավարութիւն, իհարկէ Հայաստանում կայ մի կառավարութիւն, դա Հայաստանի կառավարութիւնն է, իսկ Արցախի ներկայացուցչութիւնում գործում են գործադիր եւ օրէնսդիր մարմինները, որոնք զբաղւում են հէնց արցախահայերի Արցախ վերադարձի մեր իրաւունքը պաշտպանելով՝ յոյս ունենալով համախմբում կ՛ապահովենք, որպէսզի կարողանանք մենք մի օր վերադառնանք Արցախ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով «Թերթ»ի այն հարցումին, թէ ի՛նչ սպառնալիքներ կրնան ըլլալ Փաշինեանի յայտարարութիւններէն՝ Գալստեան ըսաւ. «Նա ասում էր «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», հիմա սրանք հակասական չե՞ն: Փաշինեանի որ մի ասածը մեկնաբանենք, նա վաղը կարող է 180 աստիճան փոխուած յայտարարութիւն անի, որը այսօրուայ յայտարարութեանը հակասի: Փաշինեանը ընդունում է, որ Արցախի պատերազմի թիւ մէկ պատասխանատուն ինքն էր, բայց մեղաւոր չի: Երեւի, այս պահին իշխանութիւնը պահելու համար այդպէս խօսեց, որին մեկնաբանութիւն անել չեմ կարող: 2020 թուականից յետոյ, ես համոզուած եմ, որ Նիկոլ Փաշինեանի ցանկացած յայտարարութիւն միտուած է իր իշխանութիւնը երկարաձգելու համար, այլ կերպ այդ յայտարարութիւնները բանականութիւնից ոչ զուրկ մարդու մօտ չի տեղաւորւում»:
Փաշինեանի Յայտարարութիւններու Լոյսին Տակ՝ Սաղաթելեան Զգուշացուց Արցախի Պետական Գործիչներու Նկատմամբ Հետապնդումէն
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթելեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կ՛անդրադառնայ Արցախի նախագահին վերաբերող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ նշելով, որ Արցախի եւ արցախահայերուն նկատմամբ վարուող քաղաքականութեամբ «Նիկոլը եւ Ալիեւը վաղուց նոյնացած են», անոնք կը գործեն համատեղ եւ նոյն բառապաշարով կը սպառնան Արցախի պետական կառոյցներուն ու ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան:
«Չեմ բացառում, որ այսօր հնչած սպառնալիքներից յետոյ Արցախի պետական ինստիտուտները (կառոյցները) ներկայացնող պետական, ինչպէս նաեւ այլ հասարակական-քաղաքական գործիչների նկատմամբ կը սկսուի հետապնդումների նոր ալիք: Այս պարագայում շատ կարեւոր է, որ ցեղասպանութեան եւ էթնիկ (ցեղային) զտման հետեւանքով Հայաստանում հաստատուած արցախահայերը թիկունք կանգնեն իրենց օրինական իշխանութիւններին, իսկ ՀՀ քաղաքական ուժերը, հանրային գործիչներն ու հասարակութիւնը ամբողջ ծաւալով հակազդեցութիւն ցուցաբերեն, քանզի ակնյայտ է, որ Արցախի էջը փակուած չէ, եւ Փաշինեանն ու Ալիեւն ամէն ինչ անում են հարցին ադրբեջանանպաստ լուծում տալու համար: Վերստին յիշեցնեմ, ՀՀ անվտանգութեան գլխաւոր սպառնալիքը Նիկոլ Փաշինեանն է, այլ ոչ թէ Արցախի պետական ինստիտուտները», գրած է Սաղաթելեան: