
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը ազգային բարերարուհի Անի Գուտուլեան-Պէզիքեանի։
Թաղման կարգը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, 2 Ապրիլ 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, Լուկանոյի (Զուիցերիա) Santa Maria Degli Angeli եկեղեցւոյ մէջ։
Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնենք ազգային բարերար տիար Ալէքքօ Պէզիքեանին, իր զաւակներուն՝ Արամին եւ Զարեհին ու բոլոր հարազատներուն։
Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ երկինքի արքայութեան արժանացնէ ննջեցեալի հոգին եւ անոր հարազատներուն պարգեւէ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ