Ըստ ռուսական «Թասս» գործակալութեան՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց հետեւեալը. «102րդ ռազմակայանը եւ ռուս սահմանապահներու ներկայութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան միակ իրական երաշխիքն են: Այն մօտեցումը, որ անոնց դուրս բերելը որեւէ կերպով պիտի ամրապնդէ ռազմական ուժը` վտանգաւոր ամբոխավարութիւն է: Ստիպելով վերանայիլ ապահովական համակարգը` արդէն այսօր Արեւմուտքը անոր փոխարէն յստակ ոչինչ կ՛առաջարկէ»։
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն ու ԵԱՏՄէն դուրս գալու հաւանականութեան եւ յայտարարեց, որ միութեան խոստումներուն հաւատալով Երեւան կրնայ կոտրած տաշտակի առաջ կանգնիլ: