Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի զգուշացուց, որ Քիեւ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ պարտութեան պիտի մատնուի, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չվաւերացնէ Մոսկուայի ներխուժման դիմակայման համար իրեն յատկացուած զինուորական օժանդակութիւններու թղթածրարը:
Զելենսքի աւելցուց, որ առանց օժանդակութիւններու, Ուքրանիոյ համար «դժուար պիտի ըլլայ գոյատեւել»:
«Եթէ Ուքրանիա պատերազմին մէջ պարտուի, այլ երկիրներ յարձակումի պիտի ենթարկուին», նշեց Զելենսքի: