Ֆութպոլի ազգային խումբերու ՖԻՖԱի ընդհանուր դասաւորման այս ամսուան ցանկին վրայ Հայաստանի ազգային խումբը 1 դիրքով նահանջեց եւ այժմ կը գրաւէ 95րդ դիրքը:
Ուրուկուէյ, որ 11րդ դիրքը կը գրաւէր, 4 դիրքով նահանջած է եւ այժմ կը գրաւէ 15րդ դիրքը: 5 դիրք կորսնցուցին նաեւ Սկովտիա եւ Թուրքիա, որոնք այժմ 39րդ եւ 40րդ դիրքերուն վրայ կը գտնուին: 5 դիրքով նահանջեց նաեւ Լիբանանի ազգային խումբը, որ այժմ կը գրաւէ 120րդ դիրքը:
Առաջին հինգ դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն՝ Արժանթին, Ֆրանսա, Պելճիքա, Անգլիա եւ Պրազիլ։