2007 թուականի աւարտը եւ 2008 թուականը որոշիչ կարեւորութիւն ունին Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան համար: 14 Դեկտեմբերի Եւրոպական Խորհուրդի գագաթնաժողովը եւ 2008ի Յուլիսէն սկսեալ՝ Եւրոմիութեան Ֆրանսայի նախագահութիւնը քաղաքական պատեհ առիթներ կը ներկայացնեն:
3 Հոկտեմբեր 2005էն ի վեր, Թուրքիա սկսած է Եւրոմիութեան մուտքի անդամակցութեան բանակցութիւններու գործընթացը: Ի՞նչ հաշուեկշիռ կարելի է կազմել։
3 Հոկտեմբեր 2005ին ձեռք ձգել բանակցութիւններու բացումը. այս էր Թուրքիոյ գլխաւոր նպատակը: 2002ի ամրան Ռէճէպ Թայիփ Էրտողանի իշխանութեան հասնելու եւ 3 Հոկտեմբեր 2005ի միջեւ ինկող ժամանակաշրջանին թուրք կառավարութիւնը հապճեպ կերպով որդեգրեց կարգ մը բարենորոգումներ, որոնց նպատակն էր Եւրոպային ցոյց տալ Թուրքիոյ քաղաքական պատրաստակամութիւնը՝ Եւրոմիութեան կողմէ պահանջուած փոփոխութիւնները իրականացնելու գծով: Սակայն, հարկ է հաստատել, որ այս ժամանակաշրջանին Եւրոպան անհրաժեշտ խստութիւն չցուցաբերեց Անգարայի նկատմամբ. ան բաւարարուեցաւ արձանագրելով թուրք խորհրդարանական եւ կառավարական որոշումները, առանց գործնական հողի վրայ անոնց կիրարկումը ստուգելու: Եւրոպական յանձնաժողովը եւ եւրոպական կառավարութիւնները կ’ուզեն Թուրքիան ամէն գնով մտցնել Եւրոպա: Այս կացութեան առջեւ, մենք ամէն ճիգ ի գործ դրած ենք, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ընդգրկուի իբրեւ նախապայման՝ մեկնելով Քոփէնհակընի մէջ 1993ին որդեգրուած անդամակցութեան չափանիշներէն:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան հանրային աշխատանքը ամբողջ Եւրոպայի մէջ 2002ի եւ 2005ի միջեւտարուած է այս ուղղութեամբ: Առանց ճնշումը տկարացնելու, նկատած ենք, որ բանակցութեանց բացումէն ի վեր Թուրքիա ոչ մէկ ճիգ ըրած է: Հետեւաբար, ժամանակն է ամենայն իրաւասութեամբ գործողութիւնը վերսկսելու, մատնանշելու համար թուրք կառավարութեան անշարժութիւնը:
Թուրքիոյ մէջ հայութեան համար մթնոլորտը աւելի անտանելի դարձած է: Հրանդ Տինքի սպանութիւնը 19 Յունուար 2007ին թուրք պետութեան հակահայկական քաղաքականութեան ուղղակի հետեւանքն է: Տակաւին չէ լուսաբանուած այս սպանութիւնը: Հեղինակները կալանքի տակ առնուած են, մինչդեռ պատուիրատուները տակաւին կը մնան շուքի մէջ: Ներկայիս, թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները հակահայկական վտանգաւոր արշաւ մը կը տանին: Սփիւռքի հայ պատասխանատու դէմքեր նոյնիսկ մատնացոյց կ’ըլլան: Թուրքիա կը շարունակէ ճնշումի եւ սարսափի իր քաղաքականութիւնը:
Կրնա՞նք ըսել, որ Թուրքիան չի փոխուիր:
Կրնանք ըսել, որ Թուրքիան չէ փոխուած: Արդեօք պիտի փոխուի՞: Ան ինք պէտք է յստակ պատասխան մը տայ այս հիմնական հարցումին: Թուրքիա պէ՛տք է փոխուի: Թուրք կառավարութիւնը պէտք է արմատապէս խզէ իր կապը քեմալականութեան հետ եւ առնէ ակնառու որոշումներ, որոնք իրապէս նոր հունի մը մէջ պիտի դնեն Թուրքիան: Այնքան ատեն, որ Թուրքիա չի ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այնքան ատեն, որ չի ճանչնար Կիպրոսի հանրապետութիւնը, այնքան ատեն, որ չի պարպեր անոր հիւսիսային շրջանը, այնքան ատեն, որ մարդկային իրաւունքները կ’ոտնահարուին, այնքան ատեն, որ բանակը կը պարտադրէ իր ներկայութիւնը քաղաքականութեան կեանքի մէջ, Թուրքիա պիտի չփոխուի: Բայց նաեւ պէտք չէ խաբուիլ թուրք նոր կառավարութեան երեւակայական բարենորոգումներով: Եւրոպան պէտք է պարտադրէ ցայտուն փոփոխութիւններ եւ պէտք չէ բաւարարուի կիսամիջոցներով: Թուրքիա պէտք է փաստէ, այլ ոչ թէ խոստանայ: Որպէսզի կարենանք Եւրոպան դրդել խստութիւն բանեցնելու, մենք պէտք է շարունակենք աշխատանքը քաղաքական եւ դիւանագիտական շրջանակներու մօտ, եւրոպական մամուլի եւ հանրային կարծիքին մօտ: Շատ յստակ է, որ ոչ ոք մեր փոխարէն պիտի կատարէ այդ աշխատանքը: Եւ եթէ կ’ուզենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը տեւաբար առկայ ըլլայ Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն անդամակցութեան հարցի քննարկման ժամանակ, մենք պէտք է ապահովենք մեր քաղաքական տեւական ներկայութիւնը: Մենք եւս պէտք է դերակատար ըլլանք, որպէսզի այս Թուրքիան փոխուի: Սակայն ան պիտի չփոխուի բնականօրէն: Փոփոխութիւնները պէտք է պարտադրուին թէ՛ երկրի ներսէն, ուր յառաջադէմ ուժերը, թէեւ տակաւին տկար, կրնան նպաստել ատոր, եւ թէ՛ դուրսէն: Իսկ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները փաստօրէն հրաշալի առիթ են՝ բանակցելու համար: Այս ժամանակամիջոցին է, որ եւրոպացիները պէտք է ստիպեն Թուրքիան իրապէս յարգելու Քոփէնհակընի չափանիշները: Մեզի համար Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը մաս կը կազմէ Քոփէնհակընի չափանիշներուն:
Արդեօք պէ՞տք է պահանջել բանակցութիւններու դադրեցումը:
Մենք համոզուած էինք, որ բանակցութեանց գործընթացին մէջ մտնելէ առաջ Թուրքիա պէտք է ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միեւնոյնը ճիշդ է նաեւ կիպրական, քրտական, ինչպէս նաեւ մարդկային իրաւանց գործօններուն առնչութեամբ: Թուրքիա պէտք է համակերպուէր Քոփէնհակընի չափանիշներուն այս գործընթացին անցնելէ առաջ: Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը 2005 թուականին պահանջած էր, որ նախագահ Շիրաք առաջարկէր բանակցութեանց բացման յետաձգումը: Մենք կը նկատէինք, որ Թուրքիա պատրաստ չէր, եւ ճիշդ էինք այդ հարցին մէջ: Այսօր եւս ան պատրաստ չէ: Արդեօք վաղը պատրաստ կ’ըլլա՞յ: Թուրք կառավարութիւնը իր բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ կը գտնուի: Ան ոչ կը յարգէ Եւրոմիութեան պայմանները, ոչ ալ Պրիւքսէլի ճշդած ժամկէտը: Անգարա կ’որդեգրէ անընդունելի ամբարտաւան ընթացք մը, քանի ամէն միջոց ի գործ կը դնէ բանակցութեանց ընթացքը իր հակակշիռին տակ պահելու համար: Եթէ թուրք կառավարութիւնը յամառի իր այս կեցուածքին մէջ, եւ եթէ Եւրոպայի 27 երկիրները եւս իսկական ահազանգ չհնչեցնեն Անգարայի ուղղութեամբ, այն ատեն մենք պիտի պահանջենք բանակցութեանց դադրեցումը: Իսկ մենք առանձին պիտի չըլլանք եւ Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքին դէմ շարժումը նոր ծաւալ պիտի ստանայ թէ՛ քաղաքական խաւի մօտ եւ թէ՛ հասարակութեան մէջ: Այն ատեն, Թուրքիա պիտի իյնայ իր իսկ սարքած խաղին մէջ, եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը ամբողջ Եւրոպայի մէջ կը դառնայ այս շարժման հեղինակներէն մէկը:
Ի՞նչ կը մտածէ ընել Հ.Յ.Դ. գործնականօրէն:
Մենք դարձեալ պիտի վերսկսինք պայքարը՝ այս Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքին դէմ: Ուրացող եւ ցեղասպան պետութիւն մը տեղ չունի Եւրոպայի մէջ: Մենք պիտի զօրացնենք մեր տեղեկատուական եւ կազմակերպական աշխատանքը եւ յատուկ զօրաշարժի պիտի անցնինք Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ, ուր 27 պետութեանց ղեկավարները պիտի համախմբուին դարձեալ ուսումնասիրելու Թուրքիոյ թեկնածութեան հարցը: Մենք հոծ պիտի ըլլանք, շա՛տ հոծ, հաստատակամ, շա՛տ հաստատակամ եւ աչալուրջ, շա՛տ աչալուրջ: Մենք պիտի չձգենք, որ Թուրքիա վարէ խաղը:
Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կոչ կ’ուղղէ համայն Եւրոպայի հայկական բոլոր կազմակերպութիւններուն, մարդկային իրաւանց պաշտպան բոլոր կազմակերպութիւններուն, միանալու եւ համախմբուելու, միասնաբար կազմակերպելու համար այս մեծ համահաւաքը: Եթէ Եւրոպան հակամէտ է տկարանալու, մենք պէտք է ցոյց տանք մեր զօրաշարժի ուժը: Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր ժամանակաշրջանը որոշիչ դեր պիտի ունենայ, պիտի դառնայ մեր պայքարի բանալի ազդակներէն մէկը: Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբերի ժամադրութիւնը պիտի թոյլ տայ համախմբելու հանրային կարծիքները եւ քաղաքական դասի այն խաւը, որ դէմ է այս Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան: Լռել այդ օրը, մեր կողմէ պիտի նշանակէ հաւանութիւն տալ:
Հայկական բոլոր ուժերու միութիւնը անհրաժեշտ է:
Մենք կարիքն ունինք հայ ժողովուրդի բոլոր ուժերուն: Թուրք կառավարութիւնը աւելի ու աւելի կը զօրանայ: Մենք եւս պէտք է շարունակենք զօրանալ: Մեր բոլոր ուժերու միացումը, մեր բոլոր միջոցներու մէկտեղումը, եւ բոլոր կարողութիւններու դաշնակցութիւնը խիստ անհրաժեշտ են այսօր: Այսօր հայ ժողովուրդը ունի ամբողջ աշխարհին մէջ ներկայ քաղաքական կուսակցութիւն մը, յանձինս Հ.Յ.Դաշնակցութեան, որ ունի պոռթկալու եւ զօրաշարժ ստեղծելու կարեւոր ուժականութիւն: Սակայն թուրք պետութեան դէմ յանդիման, մեծ համախմբում մը պէտք է այս Թուրքիոյ Եւրոմիութիւն մուտքը արգիլելու համար: Մենք կարիքն ունինք ամէնքին, մեր բոլոր անդամներուն, բոլոր համակիրներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք առնչուած են այս հարցի հետ: Ինչ ալ ըլլան այն անհամաձայնութիւնները, որոնք մեզ բաժնած են անցեալին, այսօր անշրջանցելիօրէն պէտք է ուժ տալ մեր միութեան եւ զօրացնել պայքարը: Քանի ճակատները կը բազմապատկուին եւ Թուրքիա կը յենի նիւթական անսահման միջոցներու վրայ: Անգարա իր ամբողջ քաղաքական եւ վարչական մեքենան, ամբողջ թաքուն ուժերը կը լարէ Հայ Դատին դէմ, մեր պայքարը պարտութեան մատնելու նպատակով:
2007 թուականի աւարտը պիտի ըլլայ որոշիչ եւ 2008ն՝ ուժգին: Իրապէս պահը եկած է համընդհանուր զօրաշարժի: Մենք յաղթական պիտի ելլենք մեր պայքարներէն, այն պայմանով, որ անդադար ձգտինք յաջողութեան: