ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական «Լա Քրուա» (La Croix) թերթը կը տեղեկացնէ, թէ Ֆրանսայի իշխանութիւնները մտահոգ են Հայաստանի մէջ ֆրանսացի դիւանագէտներու եւ ֆրանսական կառոյցներու դէմ ապատեղեկատուական արշաւներու աշխուժացումով։
Այս յարձակումներուն գլխաւոր թիրախը Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյին է։
Լրագրող Թոմա Կիշար կը նշէ, որ իբրեւ պատասխան Ֆրանսայի կողմէ Ատրպէյճանի յարձակումներու դատապարտումին՝ հրապարակուած է մանկապոռնկագրական կեղծուած տեսանիւթ մը, ուր ցոյց կը տրուի, թէ ինչպէս դեսպան Տըքոթինյի, իբր թէ, մանկապղծութիւն կը կատարէ։ Հաստատուած է, որ այս տեսանիւթը կը սփռուի ռուսական պոռնկագրական կայքէ մը եւ կեղծուած է, արատաւորելու համար դեսպանը:
Այնուհետեւ, մեղադրանքներու «հարուստ տեսական»ի մը յարուցուած է ֆրանսացի դիւանագէտին դէմ՝ քոքայինի առեւտուր, հակասեմականութիւն, աջակցութիւն «Համաս»ին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան՝ PKK-ին:
«Լա Քրուա»ի լրագրողը կը գրէ, թէ այս յարձակումներու ետին կանգնած է Լէօ Նիկոլեան, որ սիրողական նկարահանող մըն է, մօտիկ՝ Ֆրանսայի մէջ զանգուածային ցոյցեր հրահրած «դեղին փաճկոնաւորներ»ուն:
Ըստ «Լա Քրուա»ի ունեցած տեղեկութիւններուն՝ Տըքոթինյի բողոք ներկայացուցած է Նիկոլեանի դէմ՝ Փարիզի արդարադատութեան դատարանի 17րդ քրէական պալատին։
Ֆրանսայի իշխանութիւնները նկատած են, որ ընկերային ցանցերու վրայ Նիկոլեանի հրապարակումները՝ Ռուսիոյ կամ Ատրպէյճանի հետ կապ ունեցող հաշիւներու կողմէ անմիջապէս կ՛առնուին՝ վերարտադրութեան համար։
«Վէոլիա» խումբի Հայաստանի բաժինի ընդհանուր տնօրէն Մարիաննա Շահինեան նոյնպէս զրպարտութեան համար բողոք ներկայացուց Նիկոլեանի դէմ, ինչպէս Տըքոթինյիի նախորդը՝ Անն Լույօ (2021-2023), Հայաստանի մէջ Ֆրանսական համալսարանի (UFAR) տեսուչ Սալվա Նաքուզի եւ երկու ֆրանսացի գործարարներ։
Այս քայլերը Պաքուի ամէն կողմէ հասնող յարձակումներուն մէկ մասն է, կ՛ըսէ լրագրողը՝ աւելցնելով, որ Ֆրանսա ամէն անգամ չ՛արձագանգեր անոնց՝ չնպաստելու համար անոնց «գովազդում»ին։ Պաքու նաեւ կ՛աջակցի այն արշաւին, որ 2023ին սկսած է՝ նպատակ ունենալով պոյքոթի ենթարկել Փարիզի Ողիմպիական խաղերը: