
ԶԱՐՈՒՀԻ ՊԵՏԻՐԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1930ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, մեծ տատիկին եւ հարազատին՝ Զարուհի Պետիրեանի մահը, որ պատահեցաւ Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024ին, Լաս Վեկասի մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 27 Ապրիլ 2024ին, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, (St. Garabed Armenian Apostolic Church of Las Vegas), 2054 E. Desert Inn Rd. Las Vegas, NV 89123, ապա թաղումը ժամը 3ին՝ Palm Eastern Mortuary and Cemetery գերեզմանատան մէջ, 7600 S. Eastern Ave.. Las Vegas NV 89123։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Արշօ եւ Սարգիս Մահսէրէճեան
Սիրուն Պետիրեան
Պետրոս եւ Արտա Պետիրեան
Գրիգոր եւ Սեդա Պետիրեան
Թոռները՝ Վանա եւ Րաֆֆի Աշճեան
Արտա Մահսէրէճեան
Ալեակ եւ Նոյակ Պետիրեան
Արին եւ Շանթ Պետիրեան
Ծոռները՝ Ճէյգոպ-Մարք եւ Զարա-Էլիզա Աշճեան
Արօրա-Ճէյտ Մահսէրէճեան-Գուն
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի Լաս Վեկասի «Շուշի» մասնաճիւղին (ARS Shoushi Chapter of Las Vegas, 1020 New Creek Ave., Henderson NV 89015)։