
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

Արցախ, Սարդարապատ, Անի, Երեւան, Սեւան, Արաքս, Շուշի, Վաղարշապատ, Արտաշատ, Ատանա, Մուշ, Ծովից ծով… անուններ, որոնք ոչ միայն Հայոց աշխարհը կը խորհրդանշեն, այլ երաժշտական ոլորտի մէջ կը յիշեցնեն Հայաստանի վաստակաւոր «արտիստ»՝ Արա Գէորգեանի հրաշալի ստեղծագործութիւնները։
Հայ ազգի տաղանդաւոր երգահանը ծնած է Երեւան, 1960ին։ Ան իր ուսումը ստացած է Արմէն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցէն եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական համալսարանէն։ 1983ին նուագած է «Ռալլի» նուագախումբին հետ, իսկ 1992-1999 թուականներուն եղած է Հայաստանի Ազգային հեռուստատեսութեան «3րդ Ալիք» ծրագիրի երաժշտական ղեկավարը։
Գէորգեան ամուսնացած է եւ ունի դուստր մը եւ որդի մը։ Երկունքն ալ իրենց հօր ուղիին հետեւելով դարձած են արուեստագէտներ։
Տարիներու ընթացքին, Գէորգեան պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով, որոնցմէ քանի մը հատը հարկ է նշել, ինչպէս՝ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Ոսկէ Մետալ», «Հայաստանի Վաստակաւոր Արտիստ», «Տարուայ Ամենահամերաշխ Մարդ», Երեւանի «Քաղաքապետի Մետալ», Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական կոմիտէին օրհներգի երաժշտութիւնը հեղինակելուն համար՝ «Հրանտ Շահինեան Ոսկէ Մետալ»։
«Ինչի հետեւից վազում ես, չես հասնում, ինչի հետեւից չես վազում` ինքն իրեն գալիս է»։ Ահա Արա Գէորգեանի կեանքի կարգախօսը:
Իր յաջողութեան ճանապարհը նկատելի եղած է կանուխ հասակին: Մայրը` Վալյա Սամուէլեան, յայտնի ժողովրդական երգչուհի էր, հայրը` թառահար․ այսպէս, երաժշտական ընտանիքի մէջ մեծնալով` անոր ընդունակութիւնները բացայայտուած են: Արա Գէորգեան կը յիշէ, որ փոքր հասակին յաճախ եկեղեցի կ՛այցելէր եւ կը մասնակցէր պատարագներու: Մեծ հայրը Ծխական խորհուրդի անդամ էր, իսկ մեծ մայրը կ՛երգէր եկեղեցիին մէջ:
Եկեղեցասէր արուեստագէտին հաւատքի զօրութիւնը ի յայտ եկած է, երբ ան կորսնցուցած է մայր։ «Եթէ հաւատում ես Աստուծոյ գոյութեանը, ուրեմն պիտի հաւատաս նաեւ յաւերժական կեանքին», ըսած է ան:

Արա Գէորգեանի ստեղծագործութիւններուն կողքին, շուտով հանրութեան աչքին զարկած է Գէորգեանի գլխարկի մնայուն գործածութիւնը, որ դարձած է իր խորհրդանիշը։ «Այդ գլխարկը միայն բացառիկ պարագաներու կը հրաժարիմ կրել», «բացայայտած է» մեր մեծ երգահանը։
Գաղտնիք մը չէ,որ երաժիշտը Հայաստանին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցած է միշտ՝ անվճար։
«Ես ինձ համար անսպասելի յաջողութիւնների եմ հասել եւ ինձ չափազանց գնահատուած եմ համարում ինչի համար երախտապարտ եմ իմ հայրենակիցներին», ըսած է Գէորգեան։
«Ինձ նաեւ առաջարկել են տեղափոխուել այլ երկրներ․ օրինակ, Լոս Անջելեսում ինձ մեծ տարածք էին տրամադրում՝ մշակոյթի տունը բացելու համար, սակայն անհնար է, որ գնամ ուրիշ երկիր: Ես ոչ մի վիլլա կամ գումար չեմ փոխի այն բանի հետ, որ մարդիկ մօտենում ու ջերմ բառեր են ասում ինձ փողոցում, իսկ օտար երկրներից ինչ որ մի օր կը յոգնես եւ կ՛ ընկնես կարօտի գիրկը: Ես կարեւոր մի բան եմ հասկացել, որ 1000 տարի չենք ապրելու եւ ոչինչ մեզ հետ չենք տանելու, ուստի հարստանալու, դիզելու խնդիր չունեմ, ամենասեղմ բաներով բաւարարուել եմ եւ դա չի խանգարել լաւ ապրելուն,» արտայայտած է ան։


Խօսելով մեր երկրին մասին, ան կ՛ըսէ, թէ մեր երկիրը առողջացնելու համար շատ բան չի պահանջուիր․ բաւարար է միայն բարութիւնը իրարու հանդէպ, «ինչը պէտք է նախ եւ առաջ լրատուամիջոցներով քարոզուի»։
Բազմաթիւ արուեստագէտներ բախտը եւ պատիւը ունեցած են համագործակցելու Գէորգեանի հետ։ Անոնցմէ մէկն է ամերիկացի երգիչ Տանիէլ Տեքերը, որ գրած եւ կատարած է «Ատանա» երգը՝ անգլերէնով։ Տեքեր ըսած է, որ երբ կը համագործակցէր Արա Գէորգեանի հետ, լսած է անոր «Մուշ» ստեղծագործութիւնն ու «պարզապէս սիրահարուեցայ հայկական երաժշտութեան»։ Հիանալի է անոնց վերջին համագործակցութեան պտուղը, «Արաքս» երգի կատարումը։
«Մեր համագործակցութիւնն արդէն քանի տարի է, որ կը շարունակուի․ ան իմ լաւ եղբայրս ու ընկերս է», կ՛ըսէ Տեքեր։
Մեր հրաշագործ երաժիշտի ծննդեան օրն է Ապրիլ 19:
«1960 թուականի հենց այս օրը ծնուեց այն մարդը, ում դուստրը լինելը մեծագոյն երջանկութիւն է», ֆէյսպուքեան գրառում ըրած է Գէորգեանի դուստրը՝ Անին ։
Ծնունդդ շնորհաւոր սիրուած հայր, բարի ընկեր, յարգուած անձ, հայրենասէր մարդ, հիանալի արուեստագէտ, որ մեր մշակոյթը կը հարստացնես ոսկիէ երանգներով։
Արա Գէորգեանի նուիրուած «Երանգներ Ալինին Հետ» հաղորդումը կարելի է դիտել սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ․