Եւրոպական Միութիւնը զուսպ կերպով արձագանգեց Արցախէն ռուս խաղաղապահները դուրս բերելուն:
Պատասխանելով ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութեան հարցումին, թէ Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս կը գնահատէ ռուս խաղաղապահներուն Ղարաբաղէն դուրս բերելու որոշումը՝ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան ծառայութեան բանբեր Փիթըր Սթանօ ըսաւ. «Միայն կրնամ ըսել, որ մենք ի գիտութիւն կ՛ընդունինք Լեռնային Ղարաբաղէն ռուսական զօրքերը դուրս բերելու մասին յայտարարութիւնը: Այնուհետեւ կ՛աւելցնենք, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ գործընթացին աջակցելուն»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.