Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ, սուրբերու յիշատակութեան օրերուն մէջ կայ նաեւ նախկին կախարդ Կիպրիանոսի անունը: Յատկապէս մեր ժամանակներուն, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանին մէջ հրատարակուած «Կիպրիանոս» աղօթագրքին, այս անձին անունը բաւական լայն տարածում գտած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Փոքրիկ գրքոյկ մըն է «Կիպրիանոս»ը, որուն մէջ ամփոփուած զանազան տեսակի աղօթքներուն զօրութեան յատուկ հաւատք կ’ընծայենք, մեր եկեղեցւոյ ճամբով, բարեպաշտական ոգին աճեցնելով մեր մէջ:
Սոյն գրքոյկին անունը ըլլալէ առաջ, սակայն, Կիպրիանոսը անունն է սուրբի մը, որ նախապէս կախարդութեամբ կը զբաղէր, դեւերու հետ բարեկամութիւնը ունենալով՝ անոնցմէ ոմանք մարդոց մէջ կը տեղադրէր, ուրիշները մէկ անձէն միւսը կը տեղափոխէր: Մէկ խօսքով, շահու աղբիւրը գտած էր ան, շուրջը գտնելով միամիտ, ու տկար անհատականութեան տէր եղող մարդիկ:
Հետաքրքրական է Կիպրիանոսին կեանքը, որ աւանդապատումներով հասած է մեզի: Իր թակարդին մէջ ինկած բազմաթիւ տգէտներուն կեանքը դժոխքի վերածելէ ետք, օր մը կը բախի Քրիստոսի խաչին զօրութեան, որուն պատճառաւ ուշքը կը կորսնցնէ: Ինքն իրեն կը խորհի ըսելով.
– Եթէ խաչը այսքան զօրաւոր է, հապա խաչեա՞լը ինչքան զօրութիւն պէտք է ունենայ…:
Դարձի գալով, երբ Քրիստոսի խաչին զօրութիւնը տեսնելով իր զօրութեան անզօրութիւնը փաստած էր արդէն, Կիպրիանոս կրօնաւորեցաւ վանք մը, իր հետ տանելով իր երկու էշերը: Սուրբերուն վարքը ներկայացնող աւանդապատում դրուագը կ’ըսէ, թէ վանահայրը օր մը կը նշմարէ, որ Կիպրիանոսի էշերը յաճախակիօրէն անոր ոտքերը կը լիզեն, կարծէք խնդրանք մը ունենային անկէ: Քանիցս նոյն երեւոյթին ականատես ըլլալով, վանահայրը իր մօտ կը կանչէ Կիպրիանոսը եւ կը հարցաքննէ այդ մասին: Կիպրիանոս նախ կը վարանի ճշմարտութիւնը ըսելէ, սակայն վանահօր պնդումներուն վրայ կը խոստովանի անցեալէն մնացած իրականութիւնը: Ան կ’ըսէ, թէ այդ երկու էշերը այնպիսի մարդիկ եղած էին, որոնք շատ չարչարած ու յոգնեցուցած էին զինք: Ուստի կախարդանքով ու անէծքներով զանոնք «կապած» էր՝ էշի արտաքին երեւոյթ տալով անոնց…: Վանահայրը լսելով ճշմարտութիւնը, կը հրահանգէ որ անմիջապէս «քակէ» զանոնք իրենց կապանքներէն, ու մարդկային կեանքին դարձնէ: Ան կը համոզէ Կիպրիանոսը ըսելով, որ ճշմարիտ քրիստոնէութիւնը նման զբաղումներէ ամբողջութեամբ հրաժարելով կարելի է ապրիլ, ու Աստուծոյ իսկական զաւակը դառնալու համար, ան բոլորովին պէտք է մոռնար ուրիշները «կապելու» իր նախկին յիմար չարութիւնները: Եւ Կիպրիանոս կ’ընդունի իր յանցանքը, ու սրտանց աղօթելով դարձեալ մարդու կը կերպարանափոխէ իր հետ բերած երկու էշերը, եւ խաղաղութեամբ կը ճամբէ զանոնք իրենց տուները:
Աւանդապաշտական այս դրուագէն շատ բան կարելի է քաղել, բաղդատելով այնտեղ ըսուածները, այսօրուան մեր ապրած կեանքի կարգ մը երեւոյթներուն հետ: Այսօր կը պակսի՞ն կախարդութեամբ, բբժանքով, նուսխայով, դիւահալածութեամբ կամ այլեւայլ սնամտութիւններով իրենց եւ ուրիշներուն ժամանակը վատնողներ: Եւ այս բոլորին տեսակաւոր կերպերը երբեմն ծիծաղելի ըլլալով, զարմանք կը պատճառեն գիտակից մարդոց, երբ կը տեսնեն անոնց հետեւորդները, որոնք կուրօրէն կը գործադրեն վհուկին կամ կախարդին յանձնարարութիւնները:
Չար ոգի մը բերելու կամ զայն հեռացնելու «վարպետները», նաեւ կարգ մը ֆեթիշներ կը գործածեն: Ֆեթիշը կրնայ առարկայ մը ըլլալ՝ ոսկորի կտոր մը, փայտէ, քարէ կամ մետաղէ տարօրինակ իր մը, այծի կոտոշ մը, կամ այլ առարկայ մը, որ դէպքի մը առիթով ձեռք անցուած ըլլայ: Այսպէս, կրօնքներու պատմութեան մէջ կ’ըսուի, որ ափրիկեցի մը իր ֆեթիշը գտած է ամբողջութեամբ պատահաբար. տունէն դուրս գալու պահուն, կլոր ծովու քար մը ոտքին տայ գալով, զինք գետին կը փռէ: Սեւամորթը քարը վերցնելով, կը սկսի անոր հետ խօսիլ ըսելով.
– Դուն ուրեմն այստեղ ինծի կը սպասէի՜ր: Եւ քարը առաւ ու պահեց զգուշութեամբ, իբրեւ իր ֆեթիշը: Այնուհետեւ, կեանքի դժուարութիւններուն մէջ միշտ այդ քարին կը դիմէր, յատկապէս ոգեհարցական խնդիրներու պարագային:
Վհուկներ եւ կախարդներ զանազան ֆեթիշներ կը գործածեն. կենդանիի լեղուց, կծու խոտ, մարդկային կմախքի կտոր մը, որոնք կը չորցնեն, կ’աղան, կը փոշիացնեն, իրարու կը խառնեն, յետոյ մոխիրով կը շաղեն, որոշ ժամանակ այդ խմորի զանգուածը բացօթեայ տեղ կը դնեն, որպէսզի ոգիներէն այցելուի: Ապա ատիկա կը լեցնեն եղջիւրի մը մէջ, բոյս մը կը խաշեն ու չար ոգի ունեցողին կը խմցնեն, եւ խմածին դառնութեան համար դժգոհող «հիւանդը» կը համոզեն ըսելով, թէ որքան լեղի ըլլայ ըմպելիքը, այնքան աւելի շուտ արդիւնք կու տայ՝ չար ոգին անմիջապէս հեռացնելով:
Տարբեր տեսակի ոգեհարցներ ու կախարդներ, իրենց շունչով ալ փորձած են «ոյժ» փոխանցել: Այսպէս նման հարցերով զբաղող Գըզըլպաշ կոչուած աղանդը Կիլիկիոյ մէջ, 20րդ դարու սկզբնաւորութեան, ունէր նահապետ մը, որ Տէտէ կը կոչուէր: Ան յատուկ շիշերու մէջ իր շունչը կը փչէր, եւ ապա շիշը փակելով կը ղրկէր հեռու գաւառներու մէջ ապրող իր հետեւորդներուն: Անոնցմէ ամէնէն արժանաւորին վրայ կը բացուէր այդ շիշը, ու ան կը ստանար նոյն ոյժը զոր ունի Տէտէն ինք, հեռացնելու չար ոգիները…:
Տգիտութեան այս աստիճանը անշուշտ այնքան ալ զարմանալի պէտք չէ թուի, երբ տակաւին այսօր ալ նմանօրինակ երեւոյթներու կը հանդիպինք, եթէ ոչ շիշի մէջ փչելով, սակայն մարդոց դէմքին փչելով, ու անոնց ճակտին տրուած հարուածներով, որոնց հետեւանքով «զօրութիւն» ստացած անձը զգետնուի, կամաւոր կերպով կը նուաղի եւ զինք շալկելու համար պատրաստ կամաւոր անձերու թեւերուն մէջ կը հանգչի խաղաղութեամբ:
Կիպրիանոսի էշերը մարդ դարձան, դարձի եկած նախկին կախարդին աղօթքով: Ինչքա՜ն դեռ պէտք է աղօթել ուրեմն, որպէսզի մարդոց թիւը աճ արձանագրէ: Միւս կողմէ, պէտք է նաեւ ուշադիր ըլլալ, տեսնելու համար ոտքեր լիզող երկարականջ ծանօթ անասունները, անոնց բժշկութեան համար եւս միջնորդ ըլլալու, դրուագին մէջ ներկայացուած վանահօր նման:
Դիտէ՛ ապրած միջավայրդ, եւ վերոյիշեալ երեւոյթներուն պիտի հանդիպիս առատօրէն…: Մի՛ մոռնար, որ մեծ կախարդը հրաժարեցաւ, անմիմաստ գտնելով նախապէս իր բոլոր կատարածները: