Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, որ ունեցաւ հանդիպումներ Հայաստանի վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ ապահովական խորհուրդի ղեկավարին հետ:
Փաշինեանի հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն, սահմանազատման գործընթացին: Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ու անոր հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր:
Քլաար անգամ մը եւս շեշտեց, որ Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին կ՛աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին՝ համապարփակ եւ տեւական կարգաւորման նպատակով, ինչպէս նաեւ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ սահմանազատման գործընթացին մեկնարկի պայմանաւորուածութեան: