Ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներու՝ Ատրպէյճանի մէջ, 27 Ապրիլին տեղի ունեցաւ առաջին հանգրուանը «Վերադարձ դէպի Արեւմտեան Ատրպէյճան» մրցանքին, որ կազմակերպուած է 9-10րդ դասարաններու աշակերտներու համար։ Անոր մասնակցեցան շուրջ 10,000 աշակերտներ։
«Մրցանքին կազմակերպման նպատակն է՝ աշակերտները ծանօթացնել Արեւմտեան Ատրպէյճանի պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթին, գրականութեան, ականաւոր հասարակական գործիչներուն, պատմական գործիչներուն, տեղանուններուն եւ բանահիւսութեան ու ապահովել գիտելիքներու խոր զարգացում», կը գրեն ատրպէյճանական աղբիւրները։
Յիշեցնենք, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» ըսելով՝ դրացի երկիրը նկատի ունի Հայաստանի ամբողջ տարածքը։