Սեպտեմբեր 21, 1991ին, Հայաստան վերատիրացաւ իր անկախութեան: Այն անկախութեան, զոր փաստօրէն կորսնցուցած էր Դեկտեմբեր 2, 1920ին, խորհրդայնացումով:
Մայիս 28, 1918ին հռչակուած հայոց անկախութեամբ, հայութիւնը իր բնօրրան եւ հայրենիք Հայաստանի հողին վրայ կ’ունենար իր սեփական պետականութիւնը: Պետականութիւնը այն կառոյցն է, որ կը պահպանէ եւ կը զարգացնէ երկիրն ու անոր ժողովուրդը եւ կ’երաշխաւորէ անոր ապահով բարգաւաճումը ապագային: Մայիս 28, 1918ին հռչակուած անկախութեան ամենամեծ նուաճումը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ հայկական հողամասերուն վրայ 1045 թուականէն ի վեր փուլ եկած եւ փաստօրէն անգոյ հայկական պետականութիւնը կը վերականգնուէր:
Իսկ Սեպտեմբեր 21ին վերանուաճուած անկախութեան կարեւորութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ հայութիւնը եւ հայկական պետութիւնը վերստին տէրը կը դառնային իրենց ճակատագրին: Հայ ժողովուրդը, իր պետականութեամբ, անգամ մը եւս տէրը կը դառնար իր Ազգային Որոշումին:
Անկախ պետականութիւնը, այս պարագային Հայաստանի վերանկախացումը սոսկ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունենալ չէ, սոսկ ՄԱԿի կամ միջազգային այլ կազմակերպութիւններու անդամակցիլ չէ: Վերանկախացումը արտաքին յարաբերութիւններ մշակելուն մէջ չի կայանար: Մէկ խօսքով, Հայաստանի անկախ պետութեան գոյութիւնը ինքնանպատակ հասկացութիւն չէ:
Անիկա կը ծառայէ իբրեւ այն խարիսխը, հիմնաքարը, որուն պիտի վերամիացուին այն հայապատկան հողերը, որոնք մեծապետական քաղաքականութեան քմահաճոյքներուն հետեւանքով, այսօր կը գտնուին ոչ հայկական գերիշխանութեան տակ: Այս հասկացութեամբ պիտի կերտուի հայութեան միացեալ հայրենիքը, Միացեալ Հայաստանը:
Այս տրամաբանութենէն մեկնելով է, որ հայ ժողովուրդը անտեղիտալիօրէն կառչած է Արցախ աշխարհի ազատագրութեամբ ստեղծուած իրականութեան: Ստալինեան-խորհրդային կամայականութեամբ հայութենէն խլուած Արցախը այսօր միջազգային հանրութեան կը ներկայանայ իբրեւ ազատագրուած եւ իր իրաւատիրոջ՝ հայութեան գիրկը վերադարձած հողատարածք, իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:
Ճիշդ է, միջազգային օրէնսդրութեան հասկացութեամբ, Արցախի հանրապետութիւնը ոչ ճանչցուած է իբրեւ այդպիսին, ոչ ալ (նոյն հասկացութեամբ) մաս կը կազմէ Հայաստանի Հանրապետութեան: Հետեւաբար, այսօր, անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայութեան բոլոր քաղաքական հոսանքներու խնդիրներէն մէկը յանգիլն է այն կացութեան, ուր Արցախը, իբրեւ Հայաստան աշխարհէն կամայականօրէն խլուած հողատարածք, կա՛մ միանայ Հայաստանի Հանրապետութեան, եւ կամ միջազգային օրինական ճանաչում ստանայ:
Սեպտեմբեր 21ին վերանուաճուած անկախութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան կ’ընձեռէ միջազգային դիւանագիտութեան հարթութեան վրայ դեր խաղալու կարելիութիւն: Նոյն տրամաբանութեամբ, Երեւանի իշխանութիւններուն հասանելի են միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ բեմեր, ուր կարելի է հետապնդել հայ ժողովուրդի նպատակները: ՄԱԿը, Եւրոխորհուրդը եւ անոնց լծակից տասնեակներով կազմակերպութիւնները օրինակներ են միայն: Անկախ այն իրողութենէն, թէ Հայաստան ինչքա՞ն արդիւնաւէտութեամբ կամ կորովի կերպով կ’օգտուի իբրեւ անկախ պետութիւն իրեն սահմանուած դերակատարութենէն, իրականութիւնը կը մնայ այն, որ ան ունի միջազգային ընդունուած կարգուսարքով եւ օրէնսդրութեամբ ազդու դեր խաղալու կարելիութիւն: Տարբեր խօսքով եւ օրինակի համար, Չուղայի հայկական պատմական յուշակոթողներու օր ցերեկով կատարուած կանխամտածուած սրբապղծումի հեղինակը Ատրպէյճանի իշխանութիւններն են: Անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտականութիւնն է միջազգային հաշուետուութեան կանչել Պաքուն եւ կատարուած ոճիրին համապատասխան տնօրինումի ենթարկել տալ զայն: Դժբախտաբար սակայն, մօտաւորապէս երկու տարի անց այդ բացայայտ ոճիրէն, եւրոպական կառոյցները տակաւին փաստահաւաք առաքելութիւն իսկ չեն ուղարկած խնդրոյ առարկայ շրջանը: Կրկնակի դժբախտութիւնը սակայն այն է, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը իր համապատասխան կշիռն ու ծանրութիւնը չէ դրած այս հարցին մէջ: Փաստօրէն, երբ յայտարարուեցաւ եւրոպական առաքելութեան յետաձգումի (այսինքն փաստացի ջնջումի) լուրը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր բանբեր Վլատիմիր Կարապետեանի բերնով բաւարարուեցաւ «ցաւ յայտնելով»: Սա ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իբրեւ անկախ պետութիւն, կորովի ըլլալու փոխարէն, կը բաւարարուի կրաւորականութեամբ:
Այլ հարց մըն է Նախիջեւանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներու պարագան: Ասոնք սոսկական «տարածքներ» չեն, ընթացիկ առումով: Ասոնք հայութեան բնօրրան եւ հայրենիք Հայաստան աշխարհի մասը կը կազմեն: Նոյնիսկ միջազգային օրէնքը այս ուղղութեամբ իր ըսելիքը ըսած է հայութեան ի նպաստ: Սեւրի դաշնագիրը եւ անկէ բխած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վճիռը ասոր լաւագոյն ապացոյցն են: Այսօր, երբ հայութիւնը վերատիրացած է իր անկախութեան եւ իբրեւ այդպիսին՝ միջազգային քաղաքական կեանքէն ներս բազմաթիւ դուռներէ ներս կրնայ մուտք ունենալ, անհրաժեշտ է, որ լիարժէք կերպով օգտագործէ այս կարելիութիւնները:
Վերը ըսինք արդէն. անկախութիւնը սոսկ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն ունենալ չէ, սոսկ փրոթոքոլային հանդիպումներ կամ ծիսական ընդունելութիւններ չ’ենթադրեր: Անիկա, ճիշդ ռազմաճակատի խրամատի նման, անդադրում «կռիւ» կ’ենթադրէ: Իւրայատուկ «կռիւ» մը, որ միջազգային օրէնքով սահմանուած թատերաբեմերու վրայ կ’արտայայտուի յուշագիրներով, ելոյթներով, գլուխ-գլխի հանդիպումներով, մամուլին մէջ եւ հանրային կարծիքին մօտ տրամադրութիւն ստեղծելով եւ մանաւանդ՝ գետնի վրայ կացութիւններ ստեղծելով:
Հայութիւնը այսօր իր ազգային իտէալը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը կերտելու ճամբուն վրայ ունի հզօր զէնք մը, որ իր անկախութիւնն է: Մեզմէ կախեալ է, թէ որքան ազդու եւ կորովի կերպով կը գործածենք այդ զէնքը, որպէսզի իրականացնենք մեր իտէալը եւ ամրապնդենք նոյն այդ իտէալին ապահով բարգաւաճումը: