Տասնամեակներէ ի վեր, ամէն անգամ, որ Քոնկրէսի զոյգ պալատներէն մէկն ու մէկուն յղուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջադրող բանաձեւ մը, հրէական լոպպին, որ բաղկացած է աւելի քան տասնեակ մը ամերիկահրէական կազմակերպութիւններէ, բացայայտօրէն եւ աներկբայօրէն դէմ կանգնած է անոր: Պատրուակը եղած է միշտ նոյնը՝ «բանաձեւը կը վտանգէ Թուրքիոյ հետ Ամերիկայի յարաբերութիւնները»:
Հրէական լոպպիին այս կեցուածքը իրականութիւն ըլլալով հանդերձ, իրականութեան միայն մէկ մասն է: Իրականութեան միւս երեսը այն է, որ նոյն այդ կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը եւ անդամները կը գտնուին երկու տարբեր ալիքներու վրայ, կամ՝ խրամատին հանդիպակաց կողմերը եւ ոչ թէ նոյն խրամատին մէջ:
Փաստը տուին Մէսէչուսէցի Ուոթըրթաուն քաղաքին մէջ արձանագրուած զարգացումները, ուր ամերիկահրէական Anti Defamation League (ADL) կազմակերպութեան Նիւ Ինկլընտի մասնաճիւղը, սկիզբը հետեւելէ ետք կազմակերութեան «աւանդական» գիծին, երկու օրուան ընթացքին 180 աստիճան շրջեց իր կեցուածքը եւ ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Կազմակերպութեան համաամերիկեան կառոյցի ղեկավար Ապրահամ Ֆոքսման, «աւանդական» գիծին մոլեռանդ պաշտպան մը, ստիպուեցաւ նոյնը ընել… մեծ «բայց»ով մը: Այդ ալ կը վերաբերէր Քոնկրէսին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդդիմանալու գիծը պահելուն: Տարբեր խօսքով, ADL կը ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը, բայց նախկին մոլեռանդութեամբ կը շարունակէ դէմ կենալ բանաձեւի մը, որ կ’առաջադրէ նոյնը ընել Քոնկրէսէն ներս: Ան կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, բայց չ’ուզեր, որ Քոնկրէսը եւս ճանչնայ զայն:
ADL-ի այս անհեթեթութիւնը մարսելի չեղաւ բազմաթիւ հրէական կազմակերպութիւններու կամ պաշտօնատարներու համար, որոնք նկատեցին, թէ այս կեցուածքին մէջ ոչ բարոյական հասկացութիւն կայ եւ ոչ ալ սկզբունք: Նոյն ինքն Պոսթընի շրջանի բազմաթիւ հրեայ պաշտօնատարներ բուռն կերպով ընդդիմացան բանաձեւին դէմ ADL-ի որդեգրած այս կեցուածքին: Այս կազմակերպութիւնը կը փորձէր կամուրջին մինչեւ կէսը գալ ու միաժամանակ յայտարարել, թէ ինք անցած է գետին միւս կողմը:
Ուոթըրթաուն փոքր քաղաք մըն է Մէսէչուսէցի մէջ: Սակայն բաւեց, որ շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, իբրեւ հարազատ արտայայտիչը պետական շրջանակներէ ներս ամերիկահայութեան քաղաքական տեսակէտներուն, գործի լծէ շրջանի հայութիւնը եւ աշխատանք տանի քաղաքապետական խորհուրդին մօտ, որպէսզի ստեղծուած ալիքը հասնի մինչեւ Անգարա եւ Թէլ Աւիւ: Փաստօրէն, նոյն Ուոթըրթաունի մէջ տրուած որոշումը, տոմինոյի փուլ եկող քարերու ալիքին նման, իր քաղաքական ալիքները ստեղծեց միջազգային թատերաբեմին վրայ եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանը մղեց «բացատրութիւն» պահանջելու: Ի դէպ, այդ բացատրութիւնը պահանջուեցաւ ոչ թէ ADL-ի նախագահ Ապրահամ Ֆոքսմանէն, այլ… Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզէն:
ADL այսօր կը գտնուի ճակատագրական որոշում մը կայացնելու սեմին: Ամերիկայի հրէական համայնքը, իր բոլոր խաւերով՝ պարզ ժողովուրդ, մտաւորականութիւն, ընտրեալ պաշտօնատարներ, եւայլն, իբրեւ ժառանգորդը նացիներու կազմակերպած Ողջակիզումէն ճողոպրածներուն, շատ լաւ կը գիտակցի Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու քայլին անվիճելի արդարացիութեան: Սակայն երբ ADL լարախաղացութիւն կը փորձէ, այդ մէկը, վարկաբեկելէ զատ ADL-ը, կը վարկաբեկէ այն հաւաքականութիւնը, որուն շահերը պաշտպանել կամ ներկայացնել կը յաւակնի ADL-ը: Այս կազմակերպութիւնը այսօր պարտաւոր է որդեգրելու արդարացի կեցուածք եւ աշխատանք տանելու Քոնկրէսէն ներս, որպէսզի ան քուէարկէ ի նպաստ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին:
Սակայն վերջ ի վերջոյ, Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ ամերիկահայութիւնը տարիներու հետեւողական ճիգերով այսօր յաջողած է գրաւել նոյն այդ մարմինի անդամներու մեծամասնութեան սրտերն ու միտքերը՝ ի նպաստ բանաձեւին: Ներկայացուցիչներու տան մէջ եթէ վաղն իսկ բանաձեւը քուէարկութեան դրուի, արդէն ապահովուած է մեծամասնութիւնը՝ անկախ այն իրողութենէն, թէ ի՛նչ է ADL-ի, կամ նման կազմակերպութիւններու կեցուածքը նոյն այդ բանաձեւին կապակցութեամբ: Այնպէս որ, գնդակը կը գտնուի ADL-ի դաշտը: Եթէ Ֆոքսման ու իր ընկերները նախանձախնդիր են իրենց բարոյական վարկով, անհրաժեշտ հաշուարկումները պէտք է ընեն եւ կամուրջը ամբողջութեան կտրեն: