

ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Կեդրոնական Ֆրանսայի Սէն Շամոն հայաշատ քաղաքի «Սէնթ Մարի» երկրորդական վարժարանի բակի պատերուն վրայ 29 Ապրիլի առաւօտեան յայտնաբերուեցան հակահայ արձանագրութիւններ։
Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ գայլեր» շարժումին ստորագրութիւնը կրող այս արձանագրութիւնները հայերուն դէմ ուղղուած մահուան կոչեր են կամ հայհոյանքներ։
«Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը Ֆրանսայի մէջ արգիլուած էր, սակայն կը թուի, թէ անիկա կը շարունակէ գործել։
Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմեց ներքին գործոց նախարար Ժերալտ Տարմանէնին՝ անկէ խնդրելով, որ 4 Նոյեմբեր 2020ի պետական որոշումով հրահանգուած այդ կազմակերպութեան լուծարումը դառնայ գործնական։