Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ ստորագրութիւններով իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման վերաբերող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութենէն տասը օրեր ետք, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման հարցին մէջ Երեւան եւ Պաքու տակաւին համաձայնութեան չեն հասած: Միրզոյեան այս յայտարարութիւնը կատարեց խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող ատրպէյճանական վերջին խմբագրումը ստանալէ ետք:
«Մենք տեսնում ենք, որ մեր հարեւանները դեռ դժկամութիւն են ցուցաբերում` Ալմա Աթայի հռչակագրին յստակ եւ միանշանակ յղում անելու խաղաղութեան պայմանագրի նախագծում, որն աւելի համապարփակ փաստաթուղթ է, եւ որը պատրաստւում են ստորագրել երկու երկրները», ըսաւ ան։
Սահմանազատման հարցով Նիկոլ Փաշինեան եւ իր խմբակիցները կը պնդեն, որ Ատրպէյճան կողմ է, որ գործընթացը տեղի ունենայ Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ եւ ամրագրուի նաեւ երկու երկիրներու յանձնաժողովներու կանոնակարգումը, զոր Երեւան եւ Պաքու տակաւին չեն համաձայնեցուցած:
Օր մը առաջ, «Ժազիրա»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Միրզոյեան, ըստ էութեան, խոստովանեցաւ, որ տակաւին կարելի չէ եղած սահմանազատման սկզբունքը ամրագրել խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ։
«Սա սկզբունքներից մէկն է, եւ եթէ մեզ յաջողուի յիշատակել Ալմա Աթայի հռչակագիրը որպէս սահմանազատման քաղաքական հիմք եւ որպէս տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման քաղաքական հիմք խաղաղութեան պայմանագրի նախագծում, որի շուրջ մենք այժմ բանակցում ենք, ապա կարելի է ասել, որ շատ մօտ ենք վերջնական կարգաւորմանը», շեշտած էր Միրզոյեան։