Ներկայ ժամանակներուն քրիստոնեայ ըլլալը մեծ հերոսութիւն կը համարուի, նկատի ունենալով սոյն կրօնին բարոյագիտական ու յարաբերական կանոնները: Նմանին հետ ապրելու կամ անոր հետ վարուեցողութեան իմաստով ամէնէն կատարեալ օրէնքները ունի քրիստոնէութիւնը: Այդ կատարելութեան դիմաց, յարատեւ ճիգ կը պահանջուի մարդէն եւ միշտ ալ թերութիւններ կ’արձանագրուին բնականօրէն:
«Կատարեալ մարդ չկայ» խօսքը կարելի է նաեւ պատշաճեցնել քրիստոնեայ մարդուն, ըսելով թէ՝ «կատարեալ քրիստոնեայ մարդ չկայ»: Սա գայթակղեցուցիչ պէտք չէ՛ թուի բարեպաշտ քրիստոնեային, նոյնիսկ անոր՝ որ իր կեանքը իսկապէս կ’ապրի Աստուածաշունչի կանոններուն համաձայն, գործադրելով Աստուածահաճոյ բոլոր պատուիրանները Քրիստոսի: Որովհետեւ մարդուն մեղանչական բնութիւնը եւ մարդը շրջապատող աշխարհը միշտ ալ զայն պիտի դնեն մեղանչումի դրան սեմին, երբեմն ամէնէն պարզ մեղքերէն սկսեալ, մինչեւ ծանրագոյնները գործելու փորձութեան մատնելով մարդը:
Մարդուն վերոյիշեալ անկատարութեան պարագայէն տարբեր, քրիստոնեային անկատարութիւնը նաեւ ա՛յլ երեւոյթով մը կը յայտնուի: Անկեղծութեան բացակայութիւնը ոմանք այնպէս կը կարծեն, թէ ամէնէն աւելի բարեկամութեան պարագային իր «գոյնը» կը ցուցնէ: Այսինքն, մեր բարեկամութիւնը կը չափուի մեր անկեղծութեամբ: Կամ՝ կարելի է ըսել, որ բարեկամութեան փորձաքարը՝ անկեղծութեան քննութիւնն է: Անձի մը անկեղծութիւնը հաստատելու համար պէտք է փորձել զայն: Յատկապէս երբ այդ բարեկամութիւնը փորձաքարի կը զարնուի՝ դժուարութիւն մը կը պատահի եւ կարիքի մը, օգնութեան մը պէտքը կը զգացուի բարեկամի մը կեանքին մէջ, անկեղծութեան չափանիշը ի յայտ կու գայ: Շատեր իրենց բարեկամները կորսնցուցած են նեղութեան մէջ, որովհետեւ դժուարութեան մը պարագային ի յայտ եկած է, որ այդ բարեկամները անկեղծօրէն չէին սիրեր զիրենք, այլ շահու մը հետ կապուած եղած էր անոնց բարեկամութիւնը: Այսինքն ոչ անկեղծ մարդիկ կը լքեն երբեմն իրենց տարիներու բարեկամները, զանոնք մինակ ձգելով ստեղծուած դժուար կացութեան դիմաց:
Քրիստոսի հետ ալ անկեղծ բարեկամ ըլլալու կամ չըլլալու երեւոյթ մը կայ քրիստոնէական կեանքին մէջ: Ոմանք անուանական քրիստոնեաներ են, պարզապէս մկրտուած ըլլալով քրիստոնէական եկեղեցւոյ աւազանին մէջ: Ուրիշներ աւելի չափաւորական են, ոմանք ծայրայեղ եւ նեղմիտ: Վերոյիշեալ բարեկամութեան պարագային ամէնէն ցաւալի երեւոյթը կեղծաւորաբար բարեկամութիւնն է Քրիստոսի հետ: Այսինքն, բարեկամութիւն հասկացողութեան հակադրուող ամէնէն հեգնական, նենգ ու վատ երեւոյթը:
Լսուած խօսք է՝ «անոնք, որոնք կ’ըսեն թէ կը հաւատան, եւ անոնք որոնք կ’ապրին հաւատքի ճշմարիտ կեանք մը, միեւնոյն անձերը չեն ըլլար առհասարակ»: Ճշմարիտ հաւատացեալ մը իր կեանքին օրինակով կը դիւրացնէ ուրիշներու հաւատացեալ դառնալու գործընթացը: Անոր մանաւանդ արտօնուած չէ «դիմակ» կրել, պահուան հետ զայն փոխելու համար: Ան չի՛ կրնար ոմանց նկատմամբ իր մէկ երեսը գործածել, իսկ ուրիշներու ցոյց տալ դիմակաւոր այլ երես մը: Երբեմն, թունաւոր հեղուկ պարունակող շիշերուն վրայ փակցուած մարդկային գանկի դէմք մը աւելի ժպտուն կ’ըլլայ, քան՝ կարգ մը քրիստոնեաներու երեսը: Մինչդեռ քրիստոնեայ մարդուն գլխաւոր համոզումներէն մէկը պէտք է ըլլայ ուրախութիւնը եւ ազնուութիւնը: Առաքեալը այդ յորդորը կու տայ նոյնիսկ հալածանքի մէջ եղող առաջին դարու քրիստոնեաներուն. «Մի՛շտ ուրախ եղէք Տիրոջմով, դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէ՛ք», կ’ըսէ ան, շարունակելով նաեւ յորդորել՝ «բոլորին հանդէպ ազնիւ եղէք» խրատը տալով (հմմտ. Փլ. 4.4-5):
Կեղծաւոր քրիստոնեային հաշուարկումով, կեղծիքը, զոր ի գործ կը դնէ, ուղղուած կ’ըլլայ մարդոց՝ իր նմաններուն: Այսպէս, օրինակ՝ մարդոց ներկայութեան ամբողջութեամբ տարբեր անձ մը կը դառնայ ան, բարեպաշտ, Աստուածասէր, մինչ իր ներքին կեանքին մէջ կրնայ նոյնը չըլլալ: Առաքեալը դարձեալ կը յիշեցնէ, որ մարդոց հաճելի ըլլալը չէ՛ կարեւորը, այլ Աստուծոյ (հմմտ. Ա. Թս. 2.4): Սակայն, այդ կեղծիքը մարդոց ուղղուած չէ՛, այլ ուղղակիօրէն Աստուծոյ: Աստուած չես կրնար խաբել: Ան գիտէ ինչ որ ծածուկ է ու գաղտնի (հմմտ. Մտ. 6.5-6): Ճշմարիտ քրիստոնեան մէկ բառ իսկ չի՛ քարոզեր, այլ իր կեանքը կը դարձնէ ճշմարիտ քարոզ մը: Քրիստոնեան դաշնամուրի կը նմանի. կարեւոր չէ, թէ ի՞նչ տեսակ է անիկա՝ մեծ, փոքր, պոչաւոր թէ կարճ, տեղական թէ արտասահմանեան արտադրութիւն: Կարեւորը անոր ձայներուն ներդաշնակուած ըլլալն է, կամ ներքին ձայնաթելերուն ճիշդ լարուած ըլլալը: Եւ ամէնէն կարեւոր ձայնը, զոր պիտի արտաբերէ քրիստոնեայ մարդը՝ իր կեանքին հետ ներդաշնակուած «անկեղծութեան երաժշտութիւն»ն է: Այդ անկեղծութիւնը, համեստութեամբ արտայայտութիւն կը գտնէ նաեւ, որովհետեւ Աստուած հակառակ է ամբարտաւաններուն (Առ. 3.34, Յկ. 4.6): Ըսուած խօսք է, թէ՝ Խոնարհութիւնը քրիստոնեային տարազն է, որուն նորաձեւութիւնը բնաւ ժամանակավրէպ չի՛ դառնար:
Կան սակայն երկու կէտեր, որոնք քրիստոնեայ մարդու գլխաւոր արժանիքները ըլլալով, կը փաստեն անոր իսկապէս հաւատքի մարդ ըլլալու իրողութիւնը. ա.- Տալ, բ.- Ներել:
Ահաւասիկ փորձաքարը զԱստուած իր սրտին մէջ ունեցող մարդուն համար: «Ինչքանո՞վ քրիստոնեայ ես» հարցումին պատասխանը պիտի կարենաս տալ ուրիշին տուածո՛վդ: Եւ «Կ’ապրի՞ս քրիստոնէական կեանք մը» հարցումին պիտի կարենաս պատասխանել ուրիշին նկատմամբ ունեցած ներողամտութեանդ ոգիով:
Այս երկու սկզբունքներուն պարագային ամէնէն աւելի թերութիւն արձանագրողները կ’ըլլան անոնք, որոնք Քրիստոսի հետ անկեղծ բարեկամութիւն չունին: Որովհետեւ Քրիստոսի հետ անկեղծ չեղողը իր նմաններուն հետ բնաւ անկեղծ չի կրնար ըլլալ: Կեղծաւորաբար իրենց աղօթքը երկարողներուն, յօնքի ու դէմքի ծամածռութիւններով զԱստուած փառաւորողներուն, կիսախուփ աչքերով ձեւական խորհրդապաշտութիւն կիրարկողներուն համա՛ր եւս վստահաբար աւելի ճոխ «վա՜յ»եր պիտի արտասանէր մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, զանոնք դասելով իսկական փարիսեցիներու խուռներամ շարքին: Յատկապէս աղանդաւորական շարժումերու արեւմտեան տարբերակները (որոնց արտաքին ձեւականութեան կապկումը կատարելու ցանկութիւն մը ակներեւ է նոյնիսկ Արեւելքի պահպանողական համայնքներուն մէջ) Քրիստոսի հետ կեղծաւոր բարեկամութեան ռահվիրաներն են, ամէն ինչ կատարելով մարդոց ի ցոյց եւ ո՛չ թէ Աստուծոյ աչքին ի հաճոյս…:
Ի՞նչ կու տաս ուրիշին կամ կը ներե՞ս: Ահա մարտահրաւէրները քրիստոնէական կեանքին: Այլապէս մնացեալը ամբողջ ձեւականութիւն է, դերասանական շնորհքով պայմանաւորուած եւ որ միայն կորստեան պիտի մատնէ քեզ թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ֆիզիքապէս…: