Այսպէս կոչուած՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի համայնք» կազմակերպութիւնը, յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր նշուած է, թէ «Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան» վերջերս տեղի ունեցած համաժողովին մտահոգութիւն արտայայտուած է «Հայաստանէն բռնի տեղահանուած ատրպէյճանցիներու ճակատագրին վերաբերեալ» եւ նշուած է, թէ կազմակերպութեան անդամ 57 երկիրները «պատրաստ են աջակցելու՝ անոնց հայրենի հող վերադարձը ապահովելու համար»: Նշենք, որ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» կոչուածը յօրինուած եզրոյթ մըն է, զոր յառաջ կը մղէ Պաքու՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները ներկայացնելով իբրեւ իր պատմական
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.