ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ դարձեալ գարնանային մթնոլորտ մը ձեւաւորուած է։ Թէեւ կողմերուն օրակարգին վրայ չեն պակսիր խնդիրները, սակայն զանոնք երկխօսութեան ճամբով լուծելու ամենաբարձր մակարդակի վրայ վերահաստատուած քաղաքական կամքը ներկայիս կը պայմանաւորէ դրական սպասումներ։
Արդարեւ, Երկուշաբթի օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հիւրընկալեց Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս Էրտողան պետական բարձր արարողակարգով դիմաւորեց հարեւան երկրի ղեկավարը։ Առանձնազրոյցէն վերջ, Էրտողան եւ Միցոթաքիս հանդէս եկան միացեալ մամլոյ ասուլիսով մը։ Նախագահը շեշտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ անլուծելի խնդիր գոյութիւն չունի եւ համագործակցութեան յոյսերը կ՛աւելնան։ Էրտողան նշեց, որ անկեղծ զրոյց մը տեղի ունեցած է Միցոթաքիսի հետ։ «Մենք կ՛ակնկալենք, որ մեր յարաբերութիւններու դրական կլիման նպաստէ նաեւ մեր ցեղակիցներու իրաւունքներուն», ըսաւ նախագահը։
Իր կարգին, Միցոթաքիս շեշտեց, որ Թուրքիա եւ Յունաստան կը սկսին քաղել իրարու մերձենալու պտուղները։ Ան մատնանշեց, որ ներդրումները աւելցած են, տնտեսական համագործակցութիւնը ընդլայնուած է եւ ապօրինի գաղթի դէմ պայքարը կու տայ դրական արդիւնքներ։ Հիւր վարչապետին խօսքով՝ Աթէնք աշխատանք կը տանի, որպէսզի Անգարա կարողանայ օգտուիլ Եւրոմիութենէն։
Ի լրումն այս բոլորին, տեղական մամուլը կը գրէ, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ փոխադարձ ըմբռնումը կը գոյանայ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ։