14 Մայիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ առաջին խորհրդակցութիւնները` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան հարցերով միացեալ քարտուղար Շրի Վիշուեշ Նեկիի նախագահութեամբ: Խորհրդակցութիւններուն մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի մօտ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահայ Սինհան ու ռազմական կցորդ, զօր. Նաւին Նիճհաւանը:
Խորհրդակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցան պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան ընթացքն ու զարգացման հեռանկարները, ներառեալ՝ ռազմական սարքերու, անձնակազմի ռազմական կրթութեան ու մարտավարական պատրաստութեան, փորձի փոխանակման եւ այլ բնագաւառներուն մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր։
Այվազեան ներկայացուց Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումները:
Խորհրդակցութիւններուն աւարտին, ստորագրուեցաւ արդիւնքներուն վերաբերեալ արձանագրութիւնը, որով նախատեսուած է երկկողմանի պաշտպանական համագործակցութեան հարցերով միացեալ աշխատանքային խումբի ստեղծումը։ Նաեւ հաստատուեցաւ Հայաստանի եւ Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2024-2025 թուականներու համագործակցութեան ծրագիրը: