Մտորումներ Հայ Լեզուի Մասին
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
2007 տարին Կիլիկեան Աթոռի գահակալ Արամ վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ «Հայ լեզուի տարի» հռչակուած է:
Ու ասկէ մեկնած հարց կու տանք մենք մեզի:
Ի՞նչ է լեզուն:
Ու նոյն ձեւով ալ կը պատասխանենք.- լեզուն, մարդոց իրարու հետ խօսելու կամ հաղորդակցելու միջոցն է: Ան ազգի մը ապրելու եւ գոյատեւելու ամէնէն զօրաւոր զէնքն ալ է: Առանց անոր նոյն այդ ազգը կը կորսուի:
Իսկ հայ լեզուն…, կը մէջբերենք անմիջապէս:
Այս տողերով կ’անդրադառնանք հայերէն լեզուին, որովհետեւ այս մէկը յստակ ու հնչեղ տագնապի մը արձագանգէն կու գար:
Մեր աչքին առջեւ ունինք ԵՈՒՆԵՍՔՕ միջազգային կազմակերպութեան համաշխարհային լեզուներու շուրջ պատրաստած ու հրատարակած վիճակագրութիւնը, որուն համաձայն, աշխարհի լեզուներուն շուրջ 20 առ հարիւրը զուրկ է գրաւոր տարբերակէ։ Աւելին՝ աշխարհի լեզուներուն մէկ երրորդը կը խօսուի Ափրիկէի մէջ, ուր լեզուներուն 80 առ հարիւրը բանաւոր է, հետեւաբար, ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաձայն, անոնք կորսուելու աւելի մեծ վտանգ կը դիմագրաւեն։
Տեղեկագիրը կ’աւելցնէ նաեւ, թէ համացանցի կայքերուն 72 առ հարիւրը անգլերէն է, 7 առ հարիւրը՝ գերմաներէն, 3 առ հարիւրը՝ ֆրանսերէն, ճափոներէն եւ սպաներէն։
***
Այս բոլորէն ետք մեր աչքերուն ու մտքերուն առջեւ ունենալով մեր լեզուն, սոյն տուեալները արդէն մեզի շատ բաներ ըսել կ’ուզեն ու ինքնաբերաբար կը տանին խոր մտմտուքներու:
Հայերէն լեզու, մեր մայրենին:
Պէտք է ըսել, որ մեր ժողովուրդին չափ դարերու կեանք ունի մեր լեզուն, որովհետեւ ան ծնունդ առած է նոյնինքն մեր ժողովուրդին կողմէ: Անոր համար հայերէն լեզուն հայ ժողովուրդին համար եղած է անոր արթուն պահակը: Մօտէն հսկած է, որ հայ ժողովուրդը չկորսուի, չձուլուի: Մեր մայրենին դարերէ ի վեր տոկացած է բոլոր թշնամիներուն եւ յաղթած է անոնց: Ու նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլանք, երբ կրկնենք, թէ մեր լեզուն մեր ազգային գոյութեան երաշխիքն ու փաստն է: Ան սուրբ է մեր հայրենքին չափ, որ կը միացնէ մեզ բոլորս… եւ տակաւին կարելի է շարքը երկարել:
Արդ, մտքերնուս մէջ ունինք հիմնական հարց մը՝
– Այսօր ի՞նչ կացութիւն կը պարզէ մեր լեզուն:
– Որքանո՞վ մենք զինք կը փնտռենք կամ իր վրայ կը գուրգուրանք:
– Որքանո՞վ զինք կը գործածենք եւ կամ մաքուր կամ անաղարտ կը փորձենք պահել:
Բայց արդեօ՞ք քաջութիւն ունեցած ենք հասկնալու, թէ ի՞նչ են հայ լեզուի նահանջի գլխաւոր պատճառները եւ ի՞նչ են այն գործնական միջոցները, որոնք զինք պիտի փրկեն մեր ընդգծած վիճակէն:
***
Իբրեւ ընթերցող կամ միութենական, ուսուցիչ եւ կամ ազգային գործիչ, մշակութասէր եւ կամ պարզ հայ անհատ, հարց տուէք դուք ձեզի, թէ ո՞ւր է հայ լեզուն ձեր կեանքին մէջ:
Ահա հոսկէ է, որ կը սկսի ախտաճանաչումը եւ որ մեզ պիտի տանի մինչեւ մեր ինքնագիտակցութեան դուռները:
Ակասկած, որ այս բոլոր մտահոգութիւնները կը պատկանին բոլորիս, որովհետեւ համազգային մտահոգութիւններ են եւ ոչ թէ միութենականներուն, հայ վարժարաններու պատասխանատուներուն եւ կամ հայ ուսուցիչներուն ու գրողներուն հասցէագրուած:
Եթէ կ’ընդունինք, որ լեզուն այն գեղեցիկ օղակն է, որ կը ծառայէ մեր հաւաքական գոյատեւման, ուստի պէտք է ստեղծենք համապատասխան առողջ ու կենսունակ միջավայր մը, սոյն օղակը հաստատ, ամուր ու անքակտելի պահելու համար:
Մեր լեզուին նահանջի ներկայութիւնը կ’ապրինք. ամէն օր ամէն վայրկեան եւ որուն հանդէպ անտարբեր մնալը դաւաճանութեան համազօր է: Յստակ իրողութիւն է, թէ ներկայիս ճեղք մը կայ, ստեղծուած խօսակցական եւ գրական հայերէնին միջեւ:
Բարեբախտաբար մեր շուրջը ունինք անհատներ, գրող նուիրեալներ, որոնցմով լեզուն ոչ միայն կը գոյատեւէ, այլեւ իրենց ստեղծագործութիւններով՝ կը հարստանայ:
Բացի անտարբերութենէ, այս օրերուն ամէն բանի պէտք ունինք:
Հարցը այն է, թէ արդեօք պիտի կարենա՞նք այս անտարբերութեան առաջքը առնել եւ եթէ այո, ինչպէ՞ս:
Արձագանգ «Համազգային»ի
Արեւմտեան Ամերիկայի Ընտանիքէն
Հաճեցէք, ձեր տեղերը ապահովել.-
1.- Շրջանային Վարչութիւն
Գինեձօն-Ողջունահանդէս
Նուիրուած՝ Ամերիկահայ անգլիագիր գրողներու ստեղծագործութիւններու Forgotten Bread հատորին, Տէյվիտ Քրտեանի (David Kherdian) խմբագրութեամբ:
Կիրակի, 18 Նոյեմբեր, 2007
Հոլիվուտի «Տաղլեան» նորակառոյց սրահին մէջ
1201 North Vine St.
Hollyewood, CA 90038
Յայտագիր.-
Ա.- Կէսօրէ ետք ժամը 5ին – VIP Cocktail Hour – Տոմսի գին՝ $250
Մասնակիցները պիտի ստանան հատորին մէջ տեղ գտած գրողներու մակագրութեամբ գիրքը:
Բ.- Կէսօրէ ետք ժամը 6:30ին ընթրիք, լուռ աճուրդ, հատորի ներկայացում – Տոմսի գին՝ $100.
Հանդիսավար՝ Մարք Արաքս
Ձեռնարկի ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի գրականութեան եւ լրագրութեան հայ ուսանողներու կրթաթոշակներուն:
Տոմսերու համար հեռաձայնել 818-588-5625
կամ forgattenbread@earthlink.net.
2.- «Համազգային»ի Երաժշտական Միաւոր
Ձօնահանդէս՝ նուիրուած Երաժշտական միաւորի հրատարակութիւններուն
Դաշնակահար՝
Արմէն Բաբախանեան – Հայաստանէն
Յայտագիր՝ ներկայացումներ, թեթեւ ընթրիք, համերգ
Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր, 2007, երեկոյեան ժամը 7:30ին
Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ» մասնաճիւղի սրահ
3347 N. San Fernando Rd. Los Angeles, CA
Մուտքի տոմս՝ $50.
Տոմսերու համար դիմել «Սարդարապատ» գրախանութ 818-500-0790
«Ապրիլ» գրախանութ 818-243-4112
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin
Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222