Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Ճոզեփ Պորել Վրաստանի իշխանութիւններուն պաշտօնապէս կոչ ուղղեցին հրաժարելու «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի հաստատումէն: Օրէնքի ընդդիմախօսները զայն կը նկատեն «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» ռուսական օրէնքի նմանակը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ օրէնքի վերջնական որդեգրումը բացասաբար պիտի ազդէ Վրաստանի եւրոպական հեռանկարներուն:
Ըստ Եւրոպական յանձնաժողովին, օրինագիծը կը թիրախաւորէ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ կը սպառնայ լրատուամիջոցներու ազատութեան:
«Ֆայնենշըլ Թայմզ»ը, վկայակոչելով Եւրոպական Միութեան երեք պաշտօնատարներ, կը պնդէ, որ եթէ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ, Եւրոպական Միութեան միանալու Վրաստանի դիմումը պիտի սառեցուի: Վրաստան անցեալ տարի պաշտօնապէս Եւրոպական Միութեան թեկնածուի կարգավիճակ ստացաւ, թէեւ բանակցութիւնները տակաւին չեն սկսած:
Միւս կողմէ, Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի յայտարարեց, թէ Իսլանտայի, Լաթվիոյ եւ Էսթոնիոյ նախարարներու մասնակցութիւնը՝ Վրաստանի մէջ «օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքին» դէմ բողոքի ցոյցերուն, «երկրին իշխանութիւնը տապալելու փորձ է»:
«Կ՛աջակցիք ժողովրդավարական ճամբով ընտրուած իշխանութիւնը տապալելու փորձին, որովհետեւ ձեզի հաճելի չէ անոր ընդունած օրէնսդրութիւնը», նշեց ան:
Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ եւ Իսլանտայի արտաքին գործոց նախարարները նաեւ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին խօսքեր արտասանած էին: