
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը այս տարի հպարտութեամբ կը նշէ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100ամեակը։
Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ-երգահանը ծնած է Մայիս 22, 1924ին, Փարիզ։ Ծննդեան անունը եղած է Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան։ Հայրը՝ Միքայէլ կամ Միշա, ծնած է Ախալցխա, իսկ արմատներով Էրզրումէն էր․ մայրը՝ Քնար Պաղտասարեան, Իզմիրէն էր։ Երկուքն ալ փրկուած էին Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ արուեստագէտներ էին. մայրը դերասանուհի էր, իսկ հայրը՝ երգիչ։ Զիրար հանդիպած էին Պոլսոյ մէջ, ուր Միշա ելոյթներ կ՛ունենար, իսկ Քնար՝ մշակութային յօդուածներ կը գրէր հայկական թերթի մը համար։
ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐ

1923ին անոնք կը գաղթեն Ֆրանսա, ուր կը ծնի Ազնաւուրը: Արդէն 9 տարեկանին Շարլ մուտք կը գործէ արուեստի աշխարհ։ Շուտով կը ստանայ «Ազնաւուր» բեմական անունը։ Ազնաւուր, յիշելով իր մանկութեան ցանկութիւնները, կ՛ըսէ․ «Ինչե՜ր չէի ուզեր դառնալ։ Կ՛ուզէի սաղաւարտ կրել ու դառնալ զինուոր. կ՛ուզէի հրուշակագործ դառնալ, երբ մեր դրացին «քրեմ» պատրաստել սորվեցուց ինծի։ Կ՛ուզէի չմշկավազքի ախոյեան դառնալ։ Իսկ երբ շունիս սորվեցուցի դգալով կաթ խմել, միտքս փոխեցի, որոշեցի կենդանի վարժեցնող դառնալ։ Այդպէս ալ հայրս սաղաւարտ չգնեց ինծի համար, եւ ռազմատենչութիւնս ալ աստիճանաբար չքացաւ։ Ո՛չ հրուշակագործ դարձայ, ո՛չ չմշկավազքի ախոյեան, ո՛չ ալ կենդանի վարժեցնող։ Բայց արուեստագէտ դարձայ»։
Թէեւ Ազնաւուրեաններու ընտանիքը հարուստ չէր, բայց անոնց համար այդ էական չէր, որովհետեւ ընտանիքը համերաշխ էր: «Եթէ մինչեւ օրս աշխուժ եմ, լաւատես, յոյսով ու հաւատքով լեցուն, այդ ծնողներուս, անոնց ուրախ բնաւորութեան կը պարտիմ», կ՛ըսէ ան: Անոր հայրն ու մայրը որեւէ դժուարութիւն կը յաղթահարէին երգի եւ կատակներու օգնութեամբ:
ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
Ազնաւուր ամուսնացած է երեք անգամ՝ 1946ին, 1955ին եւ 1967ին։ Վերջինը՝ շուէտուհի Ուլլա Տորսէլի հետ ։ Այս ամուսնութիւններու արդիւնքով ունեցած է 6 զաւակ՝ Սեդա, Շարլ, Փաթրիք, Քաթիա, Միշա եւ Նիքոլա։


ՊԱՅՔԱՐ ԴԷՊԻ ՎԵՐԵԼՔ
Ազնաւուրի ասպարէզի առաջին տարիները լեցուն եղած են պարտութիւններով ու դժուարութիւններով, բայց իր ծնողները եւ իր քոյրը՝ Այտան, անոր կողքին ըլլալով թոյլ չեն տուած, որ ան յուսահատի:
Ազնաւուր երկար պայքարած է, մինչեւ զինք նկատած են յայտնի երաժշտագէտներ:
1941ին ան կը հանդիպի երգահան եւ դաշնակահար Փիէր Ռոշին, որը «Միւզիք-Հոլ» դպրոցի տնօրէնն էր։ Այսպէս կը սկսի անոնց ընկերութիւնը, որմէ յետոյ Ազնաւուր վերջնականապէս կ՛որոշէ ընտրել երգարուեստը։
Ազնաւուր հռչակաւոր կը դառնայ 1946ին, երբ էտիթ Փիաֆը, լսելով անոր երգեցողութիւնը, իրեն հետ կը տանի շրջագայութիւններու։
1956ին, Փարիզի «Օլիմփիա» դահլիճի մէջ յաջող ելոյթէ մը ետք, Ազնաւուր համաշխարհային հռչակ կը շահի։ «Ֆրանսան ազնաւուրացուած է», կը գրէ ֆրանսական մամուլը։ Ան յայտնի կը դառնայ իր երգերով՝ «Լա Պոհէմ», «Լա Մամա», «Իէր Անքոր», «Իլ ֆո Սաւուար», «Լէ տը կիթառ», «Աւէ Մարիա», «Ֆորմիտապլ», «Մուրիր Տեմէ» եւ հարիւրաւոր այլ երգեր։ Ազնաւուրի ձայնասկաւառակէն առնուազն 180 միլիոնը վաճառուած են: 70 տարիներու ընթացքին, ան 1400 երգ ձայնագրած է, որոնցմէ 1300ին հեղինակը ինքն է: Ան ունի 390 ալպոմ, բազմաթիւ լեզուներով՝ ֆրանսերէն, հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ սպաներէն։

Ուիլեըմ Սարոյեան առիթով մը ըսած է. «Երբ ձայնասփիւռի կոճակը կը սեղմեմ եւ հեռու-հեռուներէն կը լսեմ Ազնաւուրի երգերը, միտքէս կ՛ըսեմ. «Ապրի՛ս, եղբայր, դուն ալ յաղթեցիր, դուն մեծ ու տոկուն հայ մըն ես…»։
Ազնաւուր նաեւ նկարահանուած է շատ մը ֆիլմերու մէջ, որոնցմէ կարելի է յիշատակել Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ»ը։
Ֆրանսացի երգիչ եւ դերասան Մորիս Շեվալիէ ըսած է․ «Ազնաւուր «տրամադիք» մեծ տաղանդ ունի: Ազնաւուր այնպէս սէր կ՛երգէ, որ ոչ ոք չէ երգած: Ան այդպէս կը սիրէ, կը զգայ, կ՛ապրի: Ան անմիջապէս կը նուաճէ մարդուն: Ան իր արուեստի մէջ մեծագոյնն է»: Իսկ Շարլ Տը Կոլ ըսած է․ «Դուք կը նուաճէք աշխարհը, քանի որ կրնաք յուզել»:
Խօսելով իր անցեալի դժուար օրերուն մասին, Ազնաւուր կ՛ըսէր․ «Շատ դառնութիւններ ճաշակած եմ այդ ճանապարհին՝ երեսիս փակուած դուռեր, հեգնանքով ու արհամարհանքով լեցուն ժպիտներ, կատակի տակ քօղարկուած չարախօսութիւններ, «ոչինչ ունինք ձեզ համար», «տուէք ձեր հասցէն, կը գրենք», «ամէն պատահական մարդու վրայ ժամանակ չունինք կորսնցնելու»․․․ Այս եւ նման այլ արտայայտութիւններ։ Ես ճաշակած եմ այդ բոլորը։ Կասկածն ու յուսահատութիւնը, չգնահատուած ըլլալու ու բախտ չունենալու զգացողութիւնը յաճախ ապրած եմ։ Բայց ցաւս թաքցուցած եմ, քաշուած եմ պատեանիս մէջ եւ ուժ հաւաքած՝ դիմանալու, պաշտպանուելու համար։ Քաղցը, ցուրտը, յոգնութիւնը, զսպուած արցունքը իմ ճանապարհի անբաժան ընկերները եղած են։ Կանայք, որոնց միշտ ամէն ինչէ վեր դասած եմ, սիրած են ինծի, խաբած, պաշտած, ու լքած։ Անչափ շնորհակալ եմ Աստուծոյ, որ ինծի անցուց այդ բոլոր փորձութիւններուն միջոցով, երազելու եւ այդ երազն ապրելու հնարաւորութիւն տուաւ։ Եթէ ինծի վիճակուէր կրկին ապրիլ, ապա այդ բոլորը նորէն կ՛ապրէի նոյնութեամբ»։
Իր ծնունդէն դար մը անց, այսօր նոր սերունդի աստղեր կը կատարեն իր երգերը, անոնցմէ ամէնէն յայտնին է Հայկ Պետրոսեանը։
ԱԶՆԱՒՈՒՐ՝ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

Ազնաւուր միշտ մնաց հաւատարիմ իր արմատներուն եւ մեծագոյն ներդրում ունեցաւ հայ մշակոյթը աշխարհին ներկայացնելու գործով: Հայաստանին ան նուիրեց, «Փուր Թուա Արմէնի»ն, «Իլ Սոն Թոմպէ» երգերը, իր աղջկան՝ Սեդային հետ հայերէն կատարեց Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը։ 1988ի Սպիտակի կործանիչ երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ ան հիմնադրեց «Ազնաւուրը` Հայաստանին» բարեգործական հիմնադրամը:
Ազնաւուր 2009ին դարձաւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան, նաեւ՝ ՄԱԿի գրասենեակի Հայաստանի ներկայացուցիչ, եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի մօտ Հայաստանի պատուոյ դեսպան:
ՎԵՐՋԻՆ ՓԱՓԱՔԸ
ոկտեմբեր 1, 2018ին Ազնաւուր կը մահանայ 94 տարեկան հասակին։
Էմանուէլ Մաքրոն, սգալով Ազնաւուրի մահը, ըսած է․ «Ազնաւուր մեզ ապրեցուցած է իր երգերով: Հայկական ծագում ունեցող ներգաղթեալի որդին պետութիւն էր պետութեան մէջ, հայրենիք՝ հայրենիքի մէջ:»
Ազնաւուր միշտ ըսած է․ «Ես կ՛ուզեմ ողջ մեռնիլ»։
Ազնաւուրի փափաքը կատարուած է։ Ան տակաւին ողջ է մեր կեանքին մէջ իր երգերով, արուեստով եւ իր բարեսիրական եւ հայրենասիրական կազմակերպութիւններով։
Շնորհաւոր երկնային 100րդ տարեդարձ՝ Շարլ Ազնաւուր։