ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ԲՈՂՈՔԸ ԿԸ ՄԵՐԺՈՒԻ
Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ՝ անյապաղ ազատ արձակելու Պաքուի մէջ անօրինաբար բանտարկուած հայ ռազմագերիները եւ այս առնչութեամբ ստորագրահաւաք մը սկսած է։
«Բարերար, մարդասէր, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան ձերբակալուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ եւ անօրինաբար բանտարկուած այլ նշանաւոր հայերու հետ։ Պահը հասած է, որ Իլհամ Ալիեւ անյապաղ ազատ արձակէ այս հայերը։ (…) Իւրաքանչիւր օրը կարեւոր է այս բանտարկեալներու կեանքին համար: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ որեւէ խաղաղութեան պայմանագիր պէտք է ներառէ բանտէն անոնց ազատ արձակումը», կը նշուի հիմնարկին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր յատկապէս ընդգծուած է, թէ հայ ռազմագերիներուն առողջական վիճակին մասին շատ քիչ տեղեկատուութիւնը խորապէս մտահոգիչ է։
Միւս կողմէ, ատրպէյճանական մամուլը կը գրէ, թէ Պաքուի Վերաքննիչ ատեանը մերժեց Ռուբէն Վարդանեանի բողոքը, որ կը վերաբերէր իր բանտարկութեան պայմանաժամը երկարաձգելու դատական վճիռին. ատեանը անփոփոխ պահեց այդ վճիռը։