Հետաքրքրութիւնը առհասարակ ժխտական իմաստով կը ներկայացուի: Արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն արտայայտութիւններն ալ այս արմատը ունեցող բառին թեթեւ տարբերութիւն մը ունին իրարմէ: Ոմանք սխալ կերպով ալ կը գործածեն բառը, կարծելով, թէ աւելի մաքուր հայերէն կը խօսին: Այսպէս, արեւելահայ խօսակցական լեզուին մէջ «հետաքրքիր» բառը երեւոյթի մը «հետաքրքրական» ըլլալը կը մատնանշէ, կամ անհատի մը տարօրինակ ըլլալուն մասին արտայայտութեան ձեւ է: Մինչ, արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ, «հետաքրքիր» բառը ածական մըն է, որ կը տրուի այնպիսի անհատներու, որոնք ուրիշին վերաբերող երեւոյթները ու կացութիւնները մօտէն քննելու եւ այլոց կեանքը պեղելու աշխատանքին լծուած կ’ըլլան մնայուն կերպով: Բաղձալի պիտի ըլլար, որ իւրաքանչիւր լեզուի տարբերակին տիրապետող անձը, իր ըմբռնած մայրենիին սկզբնական տարբերակով խօսէր, երկիմաստ կամ իմաստային շփոթ ստեղծող բառերու պարագային եւ հարկ եղած ժամանակ միայն բացատրութիւն տալով:
Այս գրութեան նպատակէն հեռու է անշուշտ լեզուական ու բառապաշարային քննութիւն կատարել, կամ լեզուամտածողութեան հիմնաւորումներ տալ: Այստեղ առաւելաբար պիտի քննարկենք «հետաքրքիր» բառին իբրեւ ածական գործածութեան պարագան, փնտռելով մանաւանդ անոր դրական իմաստը եւ ո՛չ թէ անգործ մարդու գործ դարձող «հետաքրքիր»ութեան նշանակութիւնը:
Գերմանիա կատարած մէկ կարճ այցելութեանս ընթացքին, ուսմամբ ու կրթութեամբ հարուստ Լայփցիկ քաղաքին մէջ հանդիպեցայ շուրջ 90ամեայ կնոջ մը, որ անցեալ դարու նշանաւոր բռնատէր Ատոլֆ Հիթլէրը անձամբ տեսած էր իր մանկութեան: Ժամեր տեւած հաճելի զրոյցը, որուն ընթացքին երիտասարդի մը ունեցած կայտառութիւնը եւ նիւթերու հին թէ նոր այլազանութիւնը զարմանք կը պատճառէր, գլխաւորաբար դարձաւ հետաքրքրութեան նիւթին շուրջ: Չափազանց զարմանք պատճառողը ա՛յն վկայութիւնն էր, զոր ան տուաւ իր նոր օրերուն մասին: Ամուսինը տարիներ առաջ կորսնցուցած այս ազնուական կինը կ’ըսէր, թէ իր առօրեայ «աշխատանք»ներէն է երթալ համալսարանները եւ ճաշի թէ սուրճի դադարներուն մտնել ճաշասրահները, ուսանողներու եւ ուսանողուհիներու ընտրած ճիւղերուն ծանօթանալու համար: Ան պատմեց, թէ ինչպէս կը մօտենայ յատկապէս նորեկ ուսանող-ուսանողուհիներուն, կը բարեկամանայ անոնց հետ ու կը հետաքրքրուի անոնց ապագայ ծրագիրներով: Անոնց ուսման եռանդը խանդավառութիւն կը ներշնչէր իրեն եւ նոր յոյս կը վառէր հոգիին մէջ, իր երկրի ապագային գծով:
Մեր հանդիպման աւարտին, կինը ըսաւ.
– Կեանքի մէջ հետաքրքրութեան կրակ ունենալն է կարեւորը:
Կեանքի խորունկ փիլիսոփայութիւն մը կար այդ կարճ նախադասութեան մէջ, զոր գլխուն վրայ նստած ձիւնաթոյր մազերու ալիքներուն հետ, ժամանակի ընթացքին հանգչած էր նաեւ այս կնոջ մտքին ու համոզումներուն վրայ: Այո՛, կարեւոր է հետաքրքրութեան կրակ ունենալը, այս կեանքը ճիշդ հունի մէջ դնելու համար: Հետաքրքրութիւնը այստեղ շինարար դերակատարութիւն կ’ունենայ եւ ո՛չ թէ քանդարար ու նախանձէ մղուող: Հետաքրքրութեան տեսակ մը, որուն նպատակը յառաջդիմութիւնն է ամբողջ մարդկութեան: Մինչ սեփական հետաքրքրութիւնը, անձի մը կարծեցեա՛լ յառաջդիմութիւնն է, որ միշտ ի հեճուկս ուրիշի մը կը կատարուի, որուն կործանումով պայմանաւորուած կ’ըլլայ անոր յաջողութիւնը:
Դրական հետաքրքրութիւնը այն է, որ անհատ մը կ’արտայայտէ հոգածու վերաբերում ցոյց տալով: Այդ հոգածութիւնը տուեալ անձէն անդին կ’անցնի եւ կը ծառայէ ընդհանրական բարիքին: Մինչ սովորական իմաստով գործածական դարձած հետաքրքրութիւնը՝ կործանարար է ո՛չ միայն շրջապատին, այլ նոյնինքն հետաքրքիր անձին համար: Այսպէս, դպրոցին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը՝ անոր կրթական մակարդակին, ուսուցիչներու պատրաստուածութեան, ուսումնական ծրագրին կամ դաստիարակչական կերպերուն, նպատակ չունի հաստատութեան քանդումը: Այլ՝ դպրոցին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ապագայ նոր սերունդի բարիքին պիտի ծառայէ անպայման: Դէպի լաւը ձգտելու միջոց մը կը դառնայ այստեղ հետաքրքրութիւնը:
Հետաքրքրութիւնը ունի նաեւ աստուածաբանական բացատրութիւն մը: Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը հիմնուելով Աստուածաշունչի ճշմարտութեան վրայ, կը հաստատէ, թէ Աստուած մարդը ստեղծեց ազատ կամքով: Այդ ազատութիւնը նաեւ արժանապատուութիւնն է մարդուն: Բանական էակ իբրեւ, մարդը ազատութիւն ունի ընտրութիւն կատարելու իր կեանքին մէջ: Ի՛նք է, որ կ’որոշէ իր ապագան՝ բարի կամ չար թեքումով: Ճիշդ է, որ Աստուած չի՛ միջամտեր մարդուն կատարած գործերուն, սակայն Հայրական Իր հետաքրքրութեամբ կը հետեւի անոր գործած բոլոր արարքներուն: Մարդուն ազատութիւնը սակայն ժամանակաւոր է, սահմանուած այս կեանքին համար եւ իր ապրած օրերուն գումարով: Վարձատրութեան ու պատիժի սկզբունքը ամէնէն աւելի Աստուածային դատաստանին հետ առնչուած է, եւ իւրաքանչիւր մարդ հաշիւ պիտի տայ իր գործած արարքներուն համար: Առաքեալը յստակօրէն կ’ըսէ. «Մարդիկ մէկ անգամ կը մեռնին եւ անկէ ետք Աստուծոյ դատաստանին կը յանձնուին» (հմմտ. Եբր. 9.27): Աստուածային հետաքրքրութիւնն է, որ կը հետեւի մարդուն, անոր կեանքի բոլոր օրերուն, համբերութեան խո՜ր շունչով:
Աստուածային հետաքրքրութեան օրինակով, ծնողներ եւս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն իրենց զաւակներուն նկատմամբ անոնց ծնած իսկ օրէն, մինչեւ չափահասութեան տարիքը: Սակայն, կեանքի հանդէպ մեր հետաքրքրութիւնը չնուազեցնելու իմաստութիւնը, մեզ պիտի մղէ մեր շրջապատին մէջ յայտնաբերելու արժէքներ, որոնց գոյութեան չէինք անդրադարձած ցարդ: Հետաքրքրութեան այս բարի տեսակով, իսկական արժէքները կը գրաւեն իրենց տեղերը այս կեանքին մէջ, իսկ կեղծ արժէքներու ժանգը շուտով կը յայտնէ իր տժգոյն երեսը:
Դժբախտութիւններու եւ նեղութիւններու տակ ընկճուողներուն համար եւս իմաստուն խորհուրդ մը ունի իր մէջ գերմանացի կնոջ խօսքը: Այո՛, կարեւոր է կեանքի մէջ հետաքրքրութիւն ունենալը, որովհետեւ դրական այս հետաքրքրութիւնը կը վանէ վիշտը ու կը նորոգէ կեանքը: Նոր աշխարհայեացք տուող ուժ է հետաքրքրութիւնը, որուն կրակը միշտ պէտք է բորբ պահել, կարենալ շարունակելու համար այս կեանքը, զայն դնելով դրական հունի մէջ:
Դրական հետաքրքրութեան կրակ ունենալու քննութիւնը կը կատարուի պարզ հարցումով մը. Կը հաւատա՞ս ուրիշին ունեցած կարողութիւններուն, եւ կ’ուրախանա՞ս անոր յաջողութեամբ: Փորձէ՛ դուն քեզ: