Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թրքական պետութիւններու խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց, որ անկարելի է խաղաղութեան պայմանագիր կնքել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ, եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը մնայ անփոփոխ:
«Ատրպէյճան երբեք տարածքային պահանջ չէ ունեցած որեւէ երկրէ, որոնց կարգին Հայաստանէն: Ինքնին Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ տարածքային պահանջներ կան Ատրպէյճանի նկատմամբ», շեշտեց Ալիեւ:
Ըստ անոր՝ այդ հարցը դնել չի նշանակեր, որ Պաքու միջամուխ կ՛ըլլայ Հայաստանի ներքին գործերուն։ «Բացարձակապէս ո՛չ, բայց անիկա կը վերաբերի մեզի: Մենք չենք կրնար Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել այն ատեն, երբ անոնք տարածքային պահանջներ ունին մեզմէ»:
Ալիեւ նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկեց միասին դիմել ԵԱՀԿին՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը լուծարելու համար:
«Իրողապէս թոյլ չենք տար, որ անիկա գործէ: Եթէ Հայաստան որոշէ պահպանել Մինսքի խումբը, այդ կը նշանակէ, որ կը շարունակուին անոր տարածքային պահանջները՝ Ատրպէյճանէն»:
Ալիեւ նաեւ դիտել տուաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ Հունգարիան կառուցէ Ջրականի մէջ (բռնագրաւուած Արցախի Հադրութի շրջան) դպրոց մը պիտի:
Ան յիշեցուց, որ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները այցելած են Շուշի, իսկ Թուրքիոյ, Իւզպեքիստանի եի Ղազախստանի առաջնորդները՝ Աղտամ եւ Ֆիզուլի:
«Ջապրայիլի (Ջրական-Խմբ.) բնակավայրերէն մէկուն մէջ ալ Հունգարիոյ ֆինանսական աջակցութեամբ դպրոց մը պիտի կառուցուի: Այսինքն՝ այս բոլորը անգամ մը եւս ցոյց կու տան մեր միասնականութիւնը», ըսաւ Ալիեւ: