Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի, 6 Յունիսին, Վեն Նայսի Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ Մանուկեան Տեմիրճեան ամէնօրեայ դպրոցի շրջանաւարտներու աւանդական ուխտի արարողութիւնը: Սրբազան հօր կողքին, ներկայ գտնուեցան Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Երեմիա վրդ. Աբգարեան, Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քահանայ Տէմիրճեան, Գէորգ քհնյ. Աբեան, դպրոցի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, ուսուցչական կազմի անդամներ եւ ծնողներ:
Տէր Շնորհքը իր բացման խօսքին մէջ, բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ ետք՝ անդրադարձաւ հայ դպրոցի եզակի կոչումին եւ առաքելութեան: Ապա տնօրէն Ղուկասեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին ներկայութեան եւ հովանաւորութեան համար, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ անոնց մաղթեց փայլուն ապագայ եւ նոր յաջողութիւններ: Այնուհետեւ շրջանաւարտներուն կողմէ Անի Յակոբեան եւ Գէորգ Սողոմոնեան փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքերը:
Առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն փոխանցեց ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, որոնք «բոլորով լծուեցան հայ դպրոցի առաքելութեան եւ հաւատացին, որ այս ճանապարհին մեր զաւակներու կեանքը կ՛առաջնորդեն դէպի նոր յաջողութիւններ եւ կատարելութիւն»: Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ. «Մեր սպասումն է եւ ձեր տեսլականը ըլլայ ձեզի տրուած կարողութիւններն ու շնորհները բազմապատկել, բնական ձգտումը ունենալով կատարեալին»:
Ապա, սրբազան հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն աւարտին շրջանաւարտները միաբերան կատարեցին ուխտագրի ընթերցումը, ուր անոնք խոստացան բարձր պահել դպրոցին անունը, պահպանել հայ գիրը եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքները:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ