Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 9 Յունիսին, Նախիջեւանի մէջ յայտնաբերուեցաւ անհետ կորսուած զինուոր Ճէյհուն Հուսէյնովի դին:
Ըստ նախարարութեան՝ զինուորին մարմինը յայտնաբերուեցաւ Շարուրի շրջանի Գիւնուտ գիւղին մերձակայքը:
Ատրպէյճանական կողմը յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդեց` նշելով միայն, որ կը հետաքննուին զինուորին մահուան հանգամանքները։