Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով հայկական կողմի յատուկ բանագնաց, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան 11 Յունիսին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Երեւան Անգարայի կողմէ չէ տեսած քայլեր՝ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար ցամաքային սահմանը բանալու պայմանաւորուածութիւնը իրականացնելու ուղղութեամբ։
Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սէյտար Քըլըչ Յուլիս 2022ին, Վիեննայի մէջ պայմանաւորուեցան բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու համար: Հայկական կողմը Մարգարայի անցակէտի շինարարութիւնը աւարտեց, սակայն, սահմանը տակաւին փակ է:
Ռուբինեան շեշտեց, որ հայկական կողմը բոլոր ենթակառուցուածքային աշխատանքները կատարած եւ աւարտած է։ «Անցակէտը պատրաստ է գործունէութեան համար, թուրքական կողմից մենք չենք տեսել քայլեր այս պայմանաւորուածութեան իրագործման ուղղութեամբ», ըսաւ Ռուբինեան։