Հայաստան կ՛այցելէ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու գծով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛Պրայըն, որ Երեւանի մէջ ունեցաւ հանդիպումներ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Այցելութեան ծիրին մէջ, Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգները մաքսային մարմիններու փոխադարձ օգնութեան վերաբերող համաձայնագիր մը ստորագրեցին:
Հայկական կողմէ փաստաթուղթը ստորագրեց պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեան, ամերիկեան կողմէ` Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուին:
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ 11 Յունիսին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի աւարտին` Արարատ Միրզոյեանի եւ Եւրոպայի եւ Ճէյմզ Օ՛Պրայընի ներկայութեան:
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան երկրորդ նիստի օրակարգին վրայ էին Տնտեսութեան եւ ուժանիւթի ոլորտի բազմազանութենէն մինչեւ պաշտպանական ոլորտին մէջ համագործակցութիւն եւ արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներ։

«Հաշուի առնելով երկկողմ յարաբերութիւնների աճող բնոյթն ու դինամիկան (ուժանանութիւնը)` մենք յոյսով ենք, որ մեր ռազմավարական երկխօսութիւնը կը բարձրացնենք նոր` Ռազմավարական Գործընկերութեան յանձնաժողովի մակարդակի, որը կարող է աւելի ամրապնդել մեր բազմաբնոյթ համագործակցութեան կառուցուածքային հիմքերը», յայտարարեց Միրզոյեան:
Ըստ Ուաշինկթընի` Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն առաւել խորացած եւ զարգացած են, «Ռազմավարական Գործընկերութեան յանձնաժողովը կ՛արտացոլացնէ յարաբերութիւններու խորութիւնը»:
Օ՛Պրայըն վերահաստատեց, որ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն:
«Մենք կ՛աշխատինք նաեւ տնտեսական կարելիութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ՝ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով, եթէ մնայուն խաղաղութիւն հաստատուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, այդ կարելիութիւնները աւելի լայն պիտի ըլլան: Եւ մենք ուրախ ենք այդ բնագաւառին մէջ աջակցելու ջանքերուն համար», ըսաւ ան։
Միրզոյեան իր կարգին շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները մեծ ներուժ ունի նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման, եւ որ Հայաստան հաւատարիմ է Ալմա Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ սահմանազատման:
Ըստ Միրզոյեանի` խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնականացնելու իրական եւ պատմական կարելիութիւն կայ: «Որպէս խաղաղութեան օրակարգի եւ տարածաշրջանային զարգացման տեսլականի մաս` Հայաստանը նաեւ մեծապէս շահագրգռուած է բոլոր տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններն ապաշրջափակելու հարցում` հիմնուած երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգման, իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքների վրայ: Դա լաւագոյնս արտայայտուած է մեր կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ», նշեց Միրզոյեան։
Օ՛Պրայըն յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն եւ Երեւան պիտի շարունակեն աշխատիլ պաշտպանութեան եւ ապահովութեան ոլորտներուն մէջ՝ յիշեցնելով, որ նախորդ տարի Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հետ միացեալ` «Արծիւ» զօրավարժութիւնը կատարեց: Այդ նպատակով Սեպտեմբերին ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականներ այցելեցին Երեւան։ Ան դիտել տուաւ, որ Միացեալ Նահանգները Հայաստանի հետ երկկողմ առեւտուրը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ համաշխարհային առեւտուրին մէջ Հայաստանի մասնաբաժինը մեծցնելու կարելիութիւն կը տեսնէ։
«Ուրախ եմ տեսնելու այսպիսի ներկայացուցչական պատուիրակութիւն մը մեր երկու կողմերէն: Ասիկա ցոյց կու տայ մեր լայն օրակարգը, որուն շուրջ կողմերը կ՛աշխատին: Ասիկա ցոյց կու տայ Հայաստանի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ արագ զարգացող փոխգործակցութիւնը: Ես հոս եմ՝ վերահաստատելու մեր ամուր աջակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններու մէջ: Հայաստանի ժողովուրդը վերջին տարիներուն քանիցս վերահաստատեց բարեփոխումներու իր փափաքը։ Ազդեցիկ ջանքեր գործադրուեցան բարեփոխումներու ուղղութեամբ, որոնք թոյլ պիտի տան Հայաստանին աւելի լաւ կերպով համարկուելու համաշխարհային տնտեսութեան մէջ, եւ Հայաստանի ժողովուրդին կարելիութիւն պիտի տրուի առաւել ազատ արտայայտելու ժողովրդավարական միջավայրի մը մէջ: Միացեալ Նահանգները հպարտ է աջակցելու այս ջանքերուն», ըսաւ Օ՛Պրայըն։
Ան խօսեցաւ նաեւ մաքսային ոլորտին մէջ համաձայնագիրին մասին, որ նոր կարելիութիւններու դուռ պիտի բանայ առեւտուրի եւ գործարարութեան համար, ու յաւելեալ դիւրութիւններ պիտի տայ։
Օ՛Պրայըն հանդիպում ունեցաւ նաեւ Փաշինեանի հետ. անոնք խօսեցան Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ քննարկումներուն եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացին մասին:
Ըստ վարչապետի աշխատակազմին՝ անոնք նաեւ անդրադարձան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ անոր սկզբունքներուն, որուն վերաբերեալ Պաքու պաշտօնական դիրքորոշում չէ յայտնած մինչեւ օրս:
Փաշինեան կարեւոր նկատեց Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստին գումարումը Երեւանի մէջ եւ յայտնեց, որ անիկա նոր ազդակ պիտի հաղորդէ բազմաոլորտ փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման:
Օ՛Պրայըն իր կարգին շեշտեց, որ նիստը եղաւ արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի կառավարութեան` զանազան ուղղութիւններով բարեփոխումներ յառաջ մղելու նպատակով: