
ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Շատ երկար ժամանակ առաջ չէր, երբ հայրենի մամուլին մէջ լոյս տեսաւ հանրապետութեան նախկին նախագահի յուսադրող պատգամը. «Ես ցանկանում եմ Հայաստանը գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հանգոյց դարձնել»: Ապա յայտնուեցան ուրիշներ, քաղաքագէտ կամ գիտնական էին անոնք, մամուլի հանգոյցներու մէջ արտայայտեցին երենց անձնական կարծիքները. «Հայաստանը դիտարկւում է որպէս կարեւորագոյն կրիտիկական հանգոյց, խաղաղութեան խաչմերուկ», «Գիւմրու հին շուկայի շէնքը կը վերակառուցուի եւ կը գործի որպէս տնտեսական հանգոյց»: Ապա միջազգային լուր մը յիշեցուց, թէ մեր քաղաքական աշխարհագրութիւնը արդէն իսկ փոխուած է. «Ռուսաստանը պատրաստել եւ Թուրքիային է ուղարկել գազային հանգոյց ստեղծելու ճանապարհային քարտէզ»: Գիշերային խաղաղ ժամ էր: Գրասեղանիս առջեւ նստած մտածեցի, թէ արդեօք «հանգոյց» բա՞ռն էր բոլոր անլուծելի, անքակտելի եւ անբեկանելի կնճիռներուն պատճառը: Ապա, հայկական գրականութեան հանգոյցներուն վրայ քալեցի զգոյշ, եւ առանց խճճուելու թելերուն՝ բառ առ բառ հիւսեցի այս յօդուածը:
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՆԳՈՅՑ
Ֆրանսիս պապը Ս. Վարդարանի տօնին առիթով, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ «հանգոյցները լուծող» Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին առջեւ կատարեց աղօթք եւ ըսաւ (Vatican News, հայկական հաղորդում). «Մայր Սուրբ Կոյս, որ մեծարուած ես այս պատկերին մէջ, իբրեւ Ան, որ կը լուծէ հանգոյցները: Բազմաթիւ են արդարեւ հանգոյցները… Անոնք եսասիրութեան ու անտարբերութեան հանգոյցներ են, հանգոյցներ տնտեսական եւ ընկերային, հանգոյցներ բռնութեան ու պատերազմ»ջ: Այդ հանգոյցները իր աղօթքով կը փորձէ լուծել բարեպաշտ հայը, յատկապէս Աւագ Հինգշաբթի օր, երբ հանգոյցներ կը կազմէ դերձանով. «Հանգոյց կապելու այս պարզ սովորութիւնը Սուրբ Գրային խորիմաստ նշանակութիւն ուն»ջ, կ՛ըսէ Արեւելեան Ամերիկայի առաջնորդարանին կայքէջը: «Հանգոյց» բառը, յարգելի ընթերցող, իր գրական ճանապարհը սկսաւ հոգեւոր գրականութեան մէջ: Ան ներկայացուց կեանքի խեղդող բոլոր խոչընդոտները եւ կնճիռները: Այդ է պատճառը որ Գրիգոր Նարեկացին իր Մատեանին մէջ մարդու փրկութեան համար աղաչեց. «Լո՛յծ ինձ զհանգոյցս խեղդողականս»:
ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՈՅՑԸ
Ըստ լեզուաբան այրերու, բառս ծնունդ առաւ «համ» եւ «ագոյց» բառերու խաչմերուկին վրայ, անոնց խաչաձեւումով: Ապա, 5րդ դարէն մինչեւ ուշ միջնադար, հայկական գրականութեան արձակ եւ չափաւոր լարերը անհամար հանգոյցներ կազմեցին: Գրաբարախօս մեր նախնիները բառեր կապեցին իրարու հետ եւ ընտիր արտայայտութիւններ ստեղծեցին, ինչպէս՝ «Հանգոյց անիրաւութեան», «Հանգոյց հաստակապ», «Անլուծանելի հանգոյց» եւ «Անխզելի հանգոյց»: Հանգոյցը, ինչպէս խաչուող ճանապարհները, իր ընթացքը շարունակեց բազմաթիւ ուղղութիւններով: 10րդ դարուն, անիկա «ճանապարհային հանգոյց» էր, այսինքն՝ կայարան, ապա դարձաւ ճամբորդի ձին փոխելու տեղը, ինչպէս Մովսէս Խորենացին ըսաւ. «Հեծեալ ՛ի նոր ձիս՝ հանգոյց ՛ի հանգուցէ փախչել»: Տասներորդ դարը պտղաբեր էր: Այդ օրերուն մայրենին ճոխացաւ շողշողուն ածականով մը՝ «ոսկեհանգոյց», զոր Կաղանկատուեցի օգտագործեց վահան մը նկարագրելու համար. «Ի վերայ ոսկեհանգոյց վահանին»: Անշուշտ ունեցանք ժամանակակից բառեր, ինչպէս՝ հանգուցակայան, հանգուցակէտ, հանգուցալուծում, հանգուցաշատ եւ այլն: Երաժիշտ ընթերցողներուս ծանօթ պէտք է որ ըլլայ երաժշտական այն խազը, որ կը կոչուի «հանգոյց»: Իսկ երբ Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացիի պատմութիւնը թարգմանեցինք հայերէնի, ընթերցողս ծանօթացաւ հանգոյցներու ամէնէն վիպականին՝ «Գորդեան հանգոյց»ին:
ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐ
Ճիշդ է. «հանգոյց» բառը գրական ներշնչում չի տար մարդուն: Բայց եղան գրողներ, որոնք բարեհաճեցան անոր քնարական պաշտօն մը տալ: Առաջինը Բաբգէն Ծ. Վ. Կիւլէսէրեանն էր, որ Պոլսոյ «երանելի եւ բազմաշակերտ» Կոլոտ պատրիարքի կեանքը նկարագրեց. «Քսանվեց տարուան հարթ եւ անհանգոյց ճամբայ»: Հայր Ալիշան Կիլիկիոյ գերուած պատանի արքայազուն Թորոս Բ.ի Պոլսոյ կայսերական բանտէն վիպասանելի ազատութեան մէջ նշմարեց «սիրահնար հանգոյցներ»: Իսկ վանեցի Լեռ Կամսարը օր մը ինքն իրեն հարցուց. «Ի՞նչ անուն կը տայիք ինձ, եթէ ես հաւաքէի ու հրատարակութեան տայի կեանքումս տեսած իմ բոլոր անկապ, անհանգոյց երազները»: Եղիա Տէմիրճիպաշեան նկարագրեց «փափկիկ կուսին» եւ «խանդավառ պատանւոյն» միութիւնը. «Ո՜ կեանք երկուց, / Առն եւ կնոջ անհանգոյց»: Բայց, յարգելի ընթերցող, հայկական գրականութեան մէջ Զապէլ Եսայեանը – այն կինը, որ քաղաքական հանգոյցներու զոհ պիտի դառնար – «հանգոյց» բառին նուիրեց քնարական բազմաթիւ պատկերներ: Տիկին Եսայեանը – արդեօք իր իգական բնազդն ու ճաշա՞կն էին պատճառը – գեղեցկատիպ հանգոյցներ հիւսեց: Ահա երեք սիրունատես կապեր. «Մազերուն վրայ կապուած ժապաւէնի մը լայն հանգոյց», «Սեւ եւ անհարթ մորթով հանգուցաւոր ձեռքեր», իսկ երրորդը՝ Ոսկեղջիւրի մակոյկներու կայմերուն նուիրուած պատկեր մը. «Այդ կայմերը, որոնք իրենց պարաններու այլեւայլ ուղղութեամբ հանգոյցներ կը կազմէին, երբեմն նոյնիսկ ոսկեթել բանուածքներու առեղծուածային երեւոյթը ընծայելով»: Պարոյր Սեւակ սէ՛րը նկարագրեց «հանգոյց» բառով. «Հանգոյց-հանգոյց… Երգ են կապում աղջիկ-տղայ»: Իսկ մեր օրերուն, Զահրատի գրական հերոս Կիկօն գիտէ՞ք ինչով էր կապուած կեանքին: Հանգոյցո՛վ մը: Զահրատը մեզի բացատրեց, թէ աշխարհի բոլոր կիկօներու կեանքը հանգուցուած է, եւ ծայրը բռնած՝ կը խաղայ ուրիշ մը, մարդը զուր տեղի կը փորձէ լուծել զայն. «Թելեր միացեր իրար են եկեր / Իրար խառնուեր հանգոյց են շիներ / Ու վերէն երկինքն ու վարէն ալ մենք / Զուր տեղ հանգոյցը քակել ջանացեր»:
ՀՕՆԳՈՒՑ ԼԵՌՆԵՐՈՒ

Հայկական լեռնաշխարհի խաչուող ճանապարհները, յարգելի ընթերցող, ունեցան իրենց հանգոյցները: Նրբակերտ գիւղերն ու քաղաքներն էին անոնք: Իւրաքանչիւր բնակավայր ունեցաւ «հանգոյց» բառը իր բարբառի յատուկ հնչողութեամբ. Զէյթունը՝ հէնգիւց, Մուսա լեռը՝ հանգայց, Մուշը՝ հանգուրծ, Ալաշկերտը՝ հանգուռց, Ակնը՝ հանգօրսդ, Կարինը՝ հանկուստ, Սեբաստիան՝ հանգուշդ եւ Խարբերդը՝ հանգօշդ: Վանեցի ընթերցողներս չնեղուին կարծելով, որ անտեսած եմ իրենց «խանգուցը»: Այդ ընտիր բառը գտայ 1901ին լոյս տեսած Էմինեան Ազգագրական ժողովածուին մէջ տեղ գտած «Զուլալ Աստղ եւ Նռան Հատ ու Ոսկեծամ» քաղցրիկ պատմուածքին մէջ. «Օսկի ծամեր էնքան ա, օր կախուեր ա պատնից. Իջեր գետին խանգուցուեր ա»: Իսկ Վանայ ծովէն դէպի հիւսիս ճանապարհի վերջին հանգոյցը Համշէնն է, ուր ձեզ կը դիմաւորէ «հօնգուց» բառը: Կ՛արժէ յիշել, թէ հայաշէն այդ գիւղերու եւ քաղաքներու բազմաճաշակ գորգերը զիրար միացնող զուտ հայկական յատկութիւն մը ունին՝ «Հայկական հանգոյց», որ դարձաւ միջազգային գիտաժողովի նիւթ. «Հայկական Հանգոյց – Գորգարուեստի աւանդոյթները: Միջազգային գիտաժողով: Երեւան, 20-22 Նոյեմբեր 2013»:
ԳԱՅԼԻ ՀԱՆԳՈՅՑԸ
Հայկական գրատպութեան մէջ ունեցանք պատկառելի հանգոյցներ, այսինքն հրատարակութիւններ, որոնց անունը կապուած է «հանգոյց» բառով: Անոնցմէ առաջինը 1907 թուականին Թիֆլիսի մէջ լոյս տեսած քաղաքական վերլուծական գիրք մըն էր. «Գորդեան հանգոյցը- Թուրքահայոց հարցի վերջին շրջանը»: Նոյն անունով, 1949ին, Պոսթընի մէջ լոյս տեսաւ մէկ այլ գիրք մը, որ գաղտնի ոստիկանական պատմուածքներու ժողովածու մէն էր: Ապա Երեւանի մէջ լոյս տեսան երեք այլ գիրքեր. «Իրաւական Աշխարհ- Կեանքի բարդ հանգոյցներում», «Բաց Հանգոյցներ», «Ժամանակի Հանգոյցներում»: Երեւան մայրաքաղաքին մէջ «հանգոյց» բառը գիրքի մը կողքին վրայ վերջին անգամ յայտնուեցաւ 2016ին, երբ լոյս տեսաւ զգայացունց գաղտնի ոստիկանական արկածալից վէպ մը՝ Գուրգէն Եղիազարեանի «Գայլի Հանգոյց Գործողութիւնը»:
ՔԱՅԼԱՄՈԼՈՐ ՀԱՆԳՈՅՑԸ
Հայկական երգարուեստին մէջ աւելի յաճախ կը փափաքէի լսել «հանգոյց» բառը: Երանի Կոմիտասը պատմէր մեզի՝ աղջիկն ու տղան դաշտի մը մէջ յետմիջօրէին «հանգուցուած» ըլլային: Ակնայ երգ մը երանի յուզեր մեզ՝ պանդուխտը եւ մայրը իրենց թեւերով «հանգուցակապ» կազմած՝ հրաժեշտ տային իրարու: «Հարճ»ին մէջ Վարուժան մեզի երգած ըլլար, թէ Բագրատունի Տրդատը, Նազենիկը առեւանգելու ճանապարհին վրայ «հանգոյց առնէր» եւ իր հեւացող, պարտասուն ձին փոխանակէր ուրիշի հետ: Կամ՝ հեղինակային երգի մը մէջ Դաւիթը «անիրաւութեան հաստակապ հանգոյցը» մէկ հարուածով լուծէր իր Կայծակ թուրով: Աւա՜ղ: Այդ պատկերները գրի չեն առնուած: «Հանգոյց» բառը դեռ թել-թել պէտք է որ հիւսէ իր գրական պատմութիւնը: Բայց, գոնէ մէկ բանաստեղծ՝ Լեւոն Շանթը, հայրենաբաղձ բանաստեղծութեան մը մէջ պատուոյ անկիւն մը շնորհեց «հանգոյց» բառին: Երգի վերածուած «Գիշերապահը» քերթուածն է անիկա՝ Պոլսոյ մէջ փողոցներ հսկող պանդուխտ գիշերապահի մը քայլամոլոր պատմութիւնը: Մինչ դուք, յարգելի ընթերցող, կ՛ընթերցէք զայն, ես կը փափաքիմ, որ դուք չհանդիպիք փակ հանգոյցներու, իսկ եթէ ըլլան՝ անոնք ձեզի շնորհեն անակնկալ, բախտաբեր ուղղութիւններ.
«Գիշեր է. տա՜նկ, տա՜նկ, հսկայ ժամացոյց:
Հանգիստ է չորս դին, կը ննջեն բոլոր.
Միայն ինքն է որ՝ հանգոյցէ հանգոյց
Փողոցներ կ՛անցնի լուռ, քայլամոլոր:
Եւ ահա՜… տա՜նկ, տա՜նկ, խորհո՛ղ ժամացոյց:
Հանգիստ է չորս դին, կը ննջեն բոլոր.
Միայն ինքն է որ՝ հանգոյցէ հանգոյց
Փողոցներ կ՛անցնի լուռ, քայլամոլոր»: