
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան անդրադառնալով՝ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւ, համապատասխան լուսանկարներ հրապարակելով՝ կը հաստատէ, որ կը շարունակեն ամրապնդել Ֆրանսայի պաշտպանական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ: «Ջերմ եւ արդիւնաւէտ հանդիպում՝ իմ գործընկեր Սուրէն Պապիկեանի հետ` Eurosatory-ի ծիրին մէջ: Նոր կարեւոր փուլ` CAESAR հրետանային համակարգերու ձեռքբերման համաձայնագիրի կնքումով», գրած է ան «Էքս»ի իր էջին վրայ:
Նշենք, որ Սուրէն Պապիկեան EUROSATORY միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին, հանդիպումներ ունեցաւ ռազմարդիւնաբերական շարք մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու հետ։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ձեռք բերուեցան շարք մը համաձայնութիւններ եւ ստորագրուեցան պայմանագիրներ։


ՊԱՔՈՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՍՊԱՌԱԶԻՆՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ԳՈՐԾԱՐՔԸ
Պաքու դատապարտեց Ֆրանսա-Հայաստան սպառազինութեան նոր գործարքը՝ յայտարարելով, որ Հարաւային Կովկասի մէջ «պատերազմի նոր օճախ ստեղծելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրեն Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Մաքրոնի բռնապետութիւնը»։
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս մասին յատուկ յայտարարութիւն մը հրապարակելով՝ դատապարտեց Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը, Երեւանի կողմէ ֆրանսական սպառազինութիւն ձեռք բերելու նոր գործարքը։
«Հակառակ Ատրպէյճանի նախազգուշացման, Ֆրանսա Հայաստանին մահաբեր եւ յարձակողական հրետանի եւ այլ զինատեսակներ կը մատակարարէ, ինչ որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ Ֆրանսայի սադրիչ գործողութիւններու ապացոյցն է», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։