Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ։ Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Անոնք քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր եւ անդրադարձան Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները 2022ի ամրան պայմանաւորուեցան բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցողներուն համար: Հակառակ անոր որ անոնք զանազան առիթներով վերահաստատեցին այս յանձնառութիւնը, սակայն, այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց չկայ: