
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՐԱՒԷՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ
Միացեալ Նահանգները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները հրաւիրեց մասնակցելու ՆԱԹՕի գործընկերներու հաւաքին` յաջորդ ամիս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի ծիրին մէջ: Այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմզ Օ՛պրայըն Պաքուի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։
«Ես կ՛ակնկալեմ, որ երկու երկիրներն ալ պիտի մասնակցին միջոցառման, ընդհանուր առմամբ` 30 գործընկեր երկիրներ», յայտնեց Օ՛պրայըն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս հաստատեց հրաւէրը ընդունելու իրողութիւնը եւ Երեւանի՝ նշեալ ժողովին մասնակցութիւնը:
«Հայաստանը ստացել է Վաշինգտոնում ՆԱՏՕի գագաթաժողովի` գործընկերների ձեւաչափով միջոցառմանը եւ կազմակերպութեան 75ամեակին նուիրուած յարակից միջորառումներին մասնակցելու հրաւէր եւ հաստատել է մասնակցութիւնը: Այլ պայմանաւորուածութիւն այս պահին չկայ», յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան:
Պաքու գտնուող Օ՛պրայըն հանդիպում ունեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
«Իւրաքանչիւր երկիր ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, մենք կը տեսնենք, որ Ատրպէյճան եւս կ՛աշխատի այս ուղղութեամբ», ըստ «Էյ.Թի.Էյ.» գործակալութեան, ըսաւ Օ՛պրայըն` մեկնաբանելով Պաքուի մտահոգութիւնները՝ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին զէնք վաճառելու վերաբերեալ:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն եւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգները այդ մէկը կարելի կը նկատէ։
«Վերջին տարիներու իրադարձութիւնները նպաստած են, որ Ատրպէյճան առանցքային դեր ունենայ այս տարածաշրջանի քաղաքականութեան վերափոխման մէջ, հետեւաբար` Ուաշինկթըն պահը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու», նշեց Օ՛պրայըն, որ խօսեցաւ նաեւ Միջին միջանցքին մասին եւ նշեց, որ Ատրպէյճան նոյնպէս, իբրեւ պետութիւն, կրնայ ընդունիլ Կասպից ծովով անցնող ապրանքները եւ ծառայութիւնները ու պայմաններ ստեղծել զանոնք համաշխարհային շուկաներ ուղարկելու համար:
«Այս ճամբան կրնայ անցնիլ Վրաստանով, կամ մեծ կարելիութիւն կայ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով: Անիկա նաեւ պիտի նուազեցնէ երթեւեկի հաղորդակցութեան ծախսերը: Այս միջանցքին բացումէն պիտի շահին բոլոր երկիրները` Տաճիկիստանէն մինչեւ Թուրքիա: Մենք կը հաւատանք, որ անիկա պէտք է իրականանայ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն համաձայնութեամբ, եւ գիտենք, որ անիկա կրնայ սկսիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխըմբռնումով», ըսաւ Օ՛պրայըն:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Պայրամով եւ Օ՛պրայըն քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ հեռանկարները: Պայրամով նշեց, թէ, թէեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի քննարկման առումով «զգալի յառաջընթաց կայ, սակայն, , փոխուին Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն փոխուիլը կարեւոր է` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ պահանջներէն հրաժարելու համար»:
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակին` Ալիեւ եւ Օ՛պրայըն եւս անդրադարձան տարածաշրջանային խաղաղութեան հարցերուն. Օ՛պրայըն վերահաստատեց Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը՝ այս գործընթացին աջակցելու։