Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Տուպրովնիքի համախմբումի ծիրին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միրզոյեան ընդգծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ իրական կայունութեամբ շահագրգռուած գործընկերներու արժէքներու վրայ հիմնուած մօտեցումներու նշանակութիւնը: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցերու շուրջ:
Ընդգծուեցան ուժի կիրարկման միջոցով հարցերու լուծման գործելակերպի ընդհանուր բացասական հետեւանքները եւ միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքները յարգելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան օրակարգային հարցեր, յարաբերութիւններու էական խորացման միտուած քայլերը եւ դրական հեռանկարները: Այս ծիրին մէջ ընդգծուեցաւ գոյութիւն ունեցող գործիքակազմերու արդիւնաւէտ կիրարկման միջոցով Հայաստանի Հանրապետութեան դիմադրականութեան ամրապնդման եւ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկին կարեւորութիւնը: