Հայաստան 1 Յուլիսին ստանձնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) նախագահութիւնը, որուն ծիրին մէջ Երեւան այցելեց ՍԾՏՀԿի ընդհանուր քարտուղար Լազար Կոմենսքի:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան անոր հետ քննարկեց տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
«Մենք հաւատացած ենք, որ փոխկապակցուածութիւնը եւ մեր կազմակերպութեան շրջանակներում, անդամ երկրների միջեւ համագործակցութիւնը ոչ միայն մեծապէս, շօշափելիօրէն կը նպաստի կայուն տնտեսական զարգացմանը, բայց նաեւ դա կը դառնայ աւելի լայն տարածաշրջանում խաղաղութեան եւ կայունութեան կառուցման կարեւոր գործօն: Ուստի, փոխկապակցուածութիւնը կը լինի մեր նախագահութեան առաջնահերթութիւնների առանցքում: Յատկապէս երբ խօսքը վերաբերում է Հարաւային Կովկասին, տրանսպորտային (փոխադրութեան) կապուղիների բացումն, ի հարկէ, ոչ միայն մեծապէս կը նպաստի խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը, տնտեսական համագործակցութեանը, այլ նաեւ կ՛օգնի մեր` Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին աւելի լաւ կապուել համաշխարհային ցանցին, եւ այստեղ մենք մեծապէս յոյս ենք դնում նախագահութեան եւ ՍԾՏՀԿ մշտական քարտուղարութեան միջեւ համագործակցութեան վրայ», հանդիպման մեկնարկին ընդգծեց Միրզոյեան: