Կիրակի, 30 Յունիսին, Եռաբլուրի մէջ, 6 նորագիրներ դաշնակցականի երդում տալով` համալրեցին կուսակցութեան շարքերը:
«Համալրւում ենք ծանր ժամանակներում, երբ երիտասարդները կուսակցականանալուց խուսափում են, տարատեսակ պիտակաւորումներից խուսափում են ու նախընտրում են ապրել իրենց կեանքով, հանգիստ, առանց մտահոգուելու, կամ ներգրաւուելու համընդհանուր ու ամէն հարցից վեր այս հոգսերից: Ձեր կամքի դրսեւորումը, գալը, մեզ ուժեղացնելու է», նշեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Տարօն Ղազարեան:
Երդման արարողութիւնը կատարուեցաւ լիբանանահայ դաշնակցական, ԼՂՀ Մարտունիի 26րդ գումարտակի հետախուզական եւ զինական մասի խորհրդական նահատակ Մհեր Ջուլհաճեանի շիրիմին վրայ:
Երդման կնքահայրը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, բժիշկ եւ ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեանն էր: Ան կոչ ուղղեց նորագիրներուն` պատրաստուելու երկարատեւ պայքարի:
Տօնոյեան ընդգծեց, որ պայքարը բոլոր սերունդներունն է եւ պայքարի մէջ է նոյնիսկ անձնական երջանկութիւնը:
Նորագիրներէն մէկը ըսաւ, որ կուսակցութեան գաղափարներուն ծանօթանալով որոշած է միանալ այս կուսակցութեան, իսկ ուրիշ մը նշեց, որ մասնակցած է «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած «Ազգային-քաղաքական դպրոց» նախաձեռնութեան միջոցով ծանօթացաւ դաշնակցական երիտասարդներուն եւ որոշեց անցնիլ կուսակցութեան շարքերը: