
Կիրակի, 30 Յունիսին, կաթողիկոսանիստ Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք (Գոհաբանական Աղօթք)՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դարաւոր Ս. Աթոռի գահակալին՝ Արամ Ա. վեհափառին կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 29րդ տարեդարձին առիթով։
Միաբան հայրեր Ս. խորան բարձրացան եւ գոհաբանական աղօթքներով, շարականի երգեցողութեամբ եւ աստուածաշնչական ընթերցումներով հայրապետին մաղթեցին արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ արդիւնաւոր ծառայութիւն։ Անոնք Տիրոջմէ խնդրեցին, որ կաթողիկոսին պարուրէ Իր քաղցր զօրութեամբ, որպէսզի ան անսայթաք կեանքով եւ առաքինի առաջնորդութեամբ Տիրոջ կամքը կատարէ՝ ի փառս Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ ի պատիւ Կիլիկեան Ս. Աթոռին անսասանութեան։ Այս առիթով հաւատացեալ ժողովուրդ եւ հոգեւորականաց դաս միաբերան աղերսեցին Տիրոջ, որ Իր շնորհքներով զարդարէ հայ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորները եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանական ուխտը։
Յաւուր պատշաճի քարոզախօսութիւնը կատարեց պատարագիչ Փառէն Ծ. վրդ. Վարդանեան։ Իր քարոզին մէջ ան անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածէն՝ 5,000ի կերակրումի հրաշքէն բխած երեք պատգամներու՝ գերադասել հոգեւոր սնունդը մարմնաւոր սնունդէն, անվարանօրէն ապաւինիլ Աստուծոյ եւ ամբողջութեամբ պահել ու պահպանել Աստուծոյ տուածը։ Փոխանցելէ ետք օրուան հոգեւոր պատգամը՝ հայր սուրբը ապա անդրադարձաւ կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 29րդ տարեդարձին: «Այսօր յատուկ նշանակութիւն ունեցող Կիրակի է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ համար։ 29 տարիներ շարունակ մեր Ս. Աթոռը ունեցաւ տքնաջան ու ժրաջան հայրապետ, որ իր աշխատասիրութեամբ ու յանձնառութեամբ այլափոխեց կաթողիկոսարանին ու թեմերուն կեանքը։ Անցնող 29 տարիները եղան լեցուն տպագրական, կրօնագիտական, եկեղեցագիտական, մշակութային ու պահանջատիրական ծրագիրներով ու իրագործումներով», ըսաւ հայր սուրբը։ Ան իր քարոզը եզրափակեց Հայրապետական Մաղթերգին բառերով. «Պահեա՛, ո՜վ Տէր, անսասան, մեր Սուրբ Աթոռ Կիլիկեան. կեցցէ՛, կեցցէ՛ առ յաւէտ՝ Տէր Տէր Արամ հայրապետ»։