Պելոռուսը Հայաստանը հրաւիրեց՝ մասնակցելու երկրի անկախութեան օրուան նուիրուած Մինսքի մէջ նախատեսուած տօնական շքերթին, սակայն, հայկական անձնակազմը չընդառաջեց։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Պելոռուսի Ապահովութեան խորհուրդի ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Վոլֆովիչ:
Ան ենթադրեց, որ հայկական պատուիրակութիւնը հրաժարած է Մինսքի տօնակատարութեան մասնակցելէ՝ «մտացածին պատճառաբանութեամբ»:
«Հայաստան եւս հրաւիրուած էր, բայց ինչ-որ մտացածին, շատ հաւանաբար, ենթակայական պատճառներով. մենք կը հասկնանք, թէ որո՛նք են այդ պատճառները: Դժբախտաբար, Հայաստանի պատուիրակութիւնը, Հայաստանի անձնակազմերը չէ ժամանած շքերթին մասնակցելու», անոր խօսքը մէջբերեց BelTA պետական գործակալութիւնը:
Մինսքի մէջ 3 Յուլիսին նաեւ կը գումարուի ԱՊՀի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու նիստը, որուն եւս Հայաստան չի մասնակցիր։