Թիֆլիս կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Պաքու դրական չարձագանգեց Երեւանի առաջարկին` մէկ ամսուան ընթացքին ամբողջացնելու եւ ստորագրելու Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը։ Ասիկա մէկ շաբթուան ընթացքին, Միրզոյեանի այս գծով կատարած երկրորդ յայտարարութիւնն է։
«Յոյսով ենք եւ իրատեսական ենք համարում, եւ ես ինքս նաեւ յայտարարութիւն եմ արել այդ մասին, որ մենք մէկ ամսուայ ընթացքում կարող ենք արագ, ինտենսիւ (խտացեալ) աշխատելով ամբողջացնել խաղաղութեան պայմանագիրը եւ ստորագրել Ադրբեջանի հետ այդ շատ կարեւոր փաստաթուղթը: Չեմ կարող նշել, թէ դրական արձագանգ է ստացել այս առաջարկը, հակառակը` մենք տեսնում ենք, որ նոր, վստահաբար կարող եմ ասել` արհեստական խոչընդոտներ են երբեմն ստեղծւում գործընթացը երկարաձգելու համար: Բայց մենք շարունակում ենք հաւատալ, որ իսկապէս կայ պատմական հնարաւորութիւն` մեր տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու», ըսաւ Միրզոյեան:
Շաբաթ մը առաջ, Թիֆլիս կը գտնուէր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ յայտարարեց, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրը աւարտին հասցնելու լուրջ խոչընդոտը Հայաստանի Սահմանադրութիւնն է։
Միրզոյեան նաեւ խօսեցաւ սահմանային կացութեան եւ սահմանազատման գործընթացին մասին՝ ըսելով. «Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանի սահմանագծման գործընթացը, որը տեղի է ունենում, եւ պայմանաւորուեցին երկու կողմերը, Ալմա Աթայի հռչակագրի վրայ` մտքում ունենալով այն տարածքային ամբողջականութիւնը եւ այն սահմանները, որոնք հաստատուեցին մեր բոլոր երկրների միջեւ Սովետական Միութեան փլուզման պահից ի վեր, երբ սոցիալիստական հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները` վարչական սահմանները վերածուեցին միջպետական սահմանների: Մենք շատ կարեւորում ենք այս սահմանազատման գործընթացի` այս սկզբունքներով շարունակականութիւնը»։
Միրզոյեան իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած հանդիպումին զուգահեռ տեսակցեցաւ նաեւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէնի հետ, եւ անոնք քննարկեցին տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի ջանքերը դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ` շեշտելով Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման հարցին մէջ յառաջընթաց ապահովելու կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկկողմ հարուստ օրակարգի շարք մը հարցեր` յայտնելով, որ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացումը նոր լիցք պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու միջեւ տարբեր ուղղութիւններով գործակցութեան խորացման:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ համագործակցութեան ու փոխաջակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային տնտեսական ու հաղորդակցութեան կապուղիներու ապաշրջափակման հարցերու: