Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ տեղադրած է տեսանիւթ մը՝ ծերակուտական Ռաճըր Ուիքըրի գլխաւորած Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական պատուիրակութեան Հայաստան այցելութիւնը ամփոփող:
«Այցելութիւնը կը միտի Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան գործընկերութեան ամրապնդման», գրուած է տեսանիւթին կից: