Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան 10 Յուլիսին ընդունեց Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին:
Ան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու եւ խորացնելու Իրանի հետ բազմաոլորտ համագործակցութիւնը:
Անդրադառնալով ճանապարհաշինութեան, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու ընթացքին` կողմերը ընդգծեցին յատկապէս Իրան-Հայաստան երրորդ ելեկտրահաղորդակցութեան գիծին շինարարութիւնը շուտափոյթ աւարտելու անհրաժեշտութիւնը:
Իրան-Հայաստան 400 քիլոուաթ ելեկտրահաղորդ երրորդ գիծին կառուցումը մեկնարկած էր 2006ին եւ անիկա ռազմավարական նուազ նշանակութիւն չունի, քան «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղին: Այս գիծին շահագործման պարագային, կարելիութիւն պիտի ըլլայ աւելցնել երկու երկիրներուն միջեւ ելեկտրականութեան եւ կազի փոխանակման ծաւալները` նպաստելով թէ՛ երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման, թէ՛ այս բնագաւառին մէջ տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման: