
Քննչական կոմիտէն հաղորդեց, որ աւարտած է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ ծառայութիւններու կողմէ նախաձեռնուած նախաքննութիւնը՝ տեղեկութիւն հաւաքագրուելու եւ ի վնաս Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, պետական գաղտնիք համարուող տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ յանձնելու՝ լրտեսութեան առերեւոյթ դէպքով քրէական վարոյթին։ Անոր իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած փաստացի տուեալներով հիմնաւորուած է, որ Ստեփանակերտ քաղաքի բնակիչ Սարգիս Գալստեան 2018էն 2023, Արցախի մէջ վարելով զանազան՝ մասնաւորապէս Շուշիի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալի, ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնակրթութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի, ապա Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալի պաշտօնները, եւ տեղեկացուած ըլլալով Արցախի մէջ ռազմական իրադրութեան եւ բնակչութեան ընկերային-հոգեբանական վիճակի մասին, Նոյեմբեր 2020ին կապ հաստատած է օտարերկրեայ պետութեան յատուկ հետախուզութեան ծառայութեան աշխատակից հանդիսացող անձի մը հետ: Վերջինիս կողմէ ստանալով լրտեսութիւն կատարելու յանձնարարութիւն՝ Ս.Գ.ն համաձայնած է անոր հետ՝ այդպիսով հաւաքագրուելով օտար պետութեան յատուկ հետախուզութեան ծառայութեան աշխատակիցին կողմէ, որէ ետք ստացած է «Սարխան» ծածկանունը:
«Այնուհետեւ, Ս.Գ.ն օտարերկրեայ հետախուզութեան ծառայութեան յիշեալ աշխատակցի առաջադրանքով, 2020-2023 թուականների ընթացքում հաւաքել եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեանը, տարածքային անձեռնմխելիութեանը եւ արտաքին անվտանգութեանն ի վնաս օգտագործելու համար Ադրբեջանի յատուկ ծառայութեան աշխատակցին է յանձնել Արցախում գտնուող բնակչութեան, նրանց տրամադրութիւնների, Արցախի հարցի կապակցութեամբ ՀՀ եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչների դիրքորոշումների, 2023թ. Սեպտեմբերի իրադարձութիւնների ժամանակ Հայաստանի կողմից հնարաւոր ռազմական աջակցութեան, բնակչութեան կարիքները հոգալու համար անհրաժեշտ սննդի եւ այլ նիւթական միջոցների առկայութեան, զինուածութեան, զինուած յարձակման դէպքում հնարաւոր դիմադրութեան վերաբերեալ եւ նման բնոյթի այլ տեղեկութիւններ, այդպիսով կատարելով լրտեսութիւն: 2023 թուականի Սեպտեմբերին Արցախից հայ ազգաբնակչութեան հեռանալուց յետոյ, Ս.Գ.ն, օտարերկրեայ հետախուզութեան ծառայութեան վերը նշուած աշխատակցի կողմից ստանալով պաշտօնի առաջարկ Ստեփանակերտում, պաշտօն զբաղեցնելու շահագրգռուածութեամբ, կնոջ հետ միասին մնացել է Ստեփանակերտ քաղաքում, որտեղ վերջիններս շարունակել են իրենց յանցաւոր գործունէութիւնը՝ հայ ազգաբնակչութեան վերաբերեալ իրենց հասանելի եղած այլ տեղեկութիւնները եւս փոխանցելով օտարերկրեայ հետախուզութեան ծառայութիւններին: Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք տեղափոխուելուց անմիջապէս յետոյ վերջինս ձերբակալուել է: Ձեռք բերուած բաւարար փաստերի հիման վրայ Ս.Գ.ին մեղադրանք է ներկայացուել՝ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 424րդ յօդուածի 1ին մասով: Նրա նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է կիրառուել կալանքը:
Քրէական վարոյթից Ս.Գ.ի վերաբերեալ մասն անջատուել եւ մեղադրական եզրակացութեամբ, ուղարկուել են հսկող դատախազին՝ հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու համար», կ՛ըսուի Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ: